Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բանակցիլ միայն Արցախի անկախութեան շուրջ

Մարտ 5-ին Արցախի մէջ ազերական զինեալ յարձակումը աւելի բորբոքեց մարդասիրական աղէտի ենթարկուած Արցախի բնակչութիւնը։ Ազերի «խաղաղ բնապահ»-ներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումի էջը դեռ չփակուած զինեալ յարձակումը ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու հաւանականութիւնը բարձրացուց։ Վարչապետ Փաշինեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան վերջին շրջանին յաճախ միջազգային ամպիոններէ հնչեցուցին նման գործողութեան հաւանականութիւնը։ Բարեբախտաբար, Ազերպայճանի յարձակումը չմնաց անպատասխան։ Ինչպէս անցեալ Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի վրայ յարձակումի պարագային, այնպէս ալ Արցախի վրայ անակնկալ յարձակումին, Արցախցիները հակադարձեցին եւ Ռուսերն են, որ Ազերիներու փրկութեան հասան։

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի՝ Արցախի ապաշրջափակման վերաբերեալ վճիռը չգործադրուած՝ այս զինեալ յարձակումը կը վկայէ Արցախի բնակչութիւնը ռազմական միջոցներով բնաջնջելու կամ բռնի գաղթի ենթարկելու ազերպայճանական հեռանկարին մասին։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հետ եռակողմ հանդիպումէն ետք նման ռազմական զարգացում կը փաստէ նաեւ այն, որ Ազերպայճան ունի հաստատ երաշխիքներ անպատիժ մնալու, թէ՛ Արեւմուտքի կողմէ եւ թէ՛ Ռուսաստանի։

2022-ին Ռուսաստան, իր հզօրութեան գագաթնակէտին կը գտնուէր. Խրիմը առանց պատերազմի գրաւած, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ յաղթանակներ արձանագրած ռազմական գերտէրութիւն էր։ Այս յաղթանակներէն գինովցած՝ Փութին անցաւ իր ռուսական մեծ երազի իրագործումին՝ Ռուսական կայսրութեան վերստեղծման։ Հարաւային Կովկասէն դուրս շպրտեց Արեւմուտքը՝ Թուրքիոյ հետ դաշնակցելով. յաղթական Ազերպայճանին պարտադրեց Նոյեմբեր 9-ի հրադադարը եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի մուտքը Արցախ։ Ազերպայճանը, Արցախը եւ Հայաստանը այսպէս իրեն ենթարկելէ եւ Մինսքի խումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները Ալիեւի բերնով վարկաբեկելէ ետք, անցաւ Ուքրաինայի արեւմտամէտ իշխանութեան գլխատումին։ Եթէ Արեւմուտքը հակազդած ըլլար Արցախի պատերազմին Ալիեւի գործած մարդկային իրաւունքներու բոլոր ոտնակոխումներուն, դատապարտած ըլլար պատերազմական ոճիրները, հետամուտ եղած ըլլար յարգել տալու Մինսքի կարեւորագոյն երեք սկզբունքներէն «բռնի ուժի բացառում»-ը, Ռուսաստան վստահաբար նոյն յանդգնութեամբ պիտի չնետուէր Ուքրաինայի պատերազմի մեծ արկածախնդրութեան մէջ։

Ներկայիս, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը բախի բռնատէրերու կողմէ պատմական կայսրութիւնները վերակառուցելու արշաւանքին։ Փութին կ՚ուզէ Ռուսական կայսրութեան վերակերտումը, Էրտողան՝ նոր-Օսմանեանը, Ալիեւ՝ իբր թէ «արեւմտեան Զանգեզուր»-ի եւ «արեւմտեան Ազերրպայճան»-ի վերանուաճումը, Իսրայէլ՝ մեծն Իսրայէլը… Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արեւմուտքն ալ զերծ չէ նման յաւակնութիւններէ, մա՛նաւանդ ԱՄՆ-ն, որ ՕԹԱՆ-ի միջոցաւ կը փորձէ երկրագունդի հզօրագոյն պետութեան իր դիրքը ամրապնդել։ 

Արցախի գոյապայքարը, սակայն, առարկայօրէն կը հանդիսանայ ազատագրական, ինքնորոշման պայքար, հազարամեակներու իր հողին վրայ վերապրելու արդար իրաւունք։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին՝ Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հասցէին Ալիեւի խիստ ամբաստանութիւններուն յաջորդեց անոր պաշտօնազրկումը, որմէ ետք Ազերպայճան-Արցախ բանակցութիւնները վերսկսան ռուսական կողմին միջնորդութեամբ։ Սակայն, այդ բանակցութիւնները առաջնորդեցին արցախցի երեք ոստիկաններու սպանութեան եւ մէկուն ծանր վիրաւորման՝ Ազերիներու զինեալ յարձակման պատճառով։ Ռուս խաղաղապահներու կրաւորականութիւնը եւ արեւմտեան երկիրներու նոյնքան կրաւորական հակազդեցութիւնները կը խանգարեն բանակցային գործընթացով որեւէ լուծում։ Իբր այլընտրանք կը մնայ ինքնապաշտպանութիւնը։ Արցախի նախագահի յայտարարութիւնն ալ այդ կը յուշէ՝ բանակցիլ, միայն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերումին շուրջ։

Ժ.Չ. ■