Առաջին անգամ չէ, որ կ’անդրադառնանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի մայրաքաղաք Պաթոն Ռուժի հայկական համայնքին։ Հայ հասարակութիւնը քաջատեղեակ է հայաշունչ այս փոքր ածուի հայրենանպաստ գործունէութեան։ Արդարեւ, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022 թուականին, արդէն առաւօտեան ժամերուն, տեղւոյն համայնքի անդամները` յարակից հայաբնակ շրջաններէն մինչեւ Նիւ Օրլինզ քաղաքէն, կը փութային Պաթոն Ռուժի Հայ Առաքելական Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահը՝ բերելու համար իրենց ջերմ մասնակցութիւնը հայանպաստ հացկերոյթի մը։ Անոնք ծխական խորհուրդին կողմէ ստացեր էին ընդամէնը կարճաժամկէտ հրաւէր մը, որ կը կրէր «Բարեսիրական միջոցառում՝ մէ՛կ սիրտ Արցախի համար» կարգախօսը։ Ընդունելով հրաւէրը՝ համայնքի անդամներէն շատեր իսկոյն գրաւոր պատգամներ հաղորդելով յայտներ էին Ծխական խորհուրդի անդամներուն իրենց մասնակցութեան մասին՝ յայտարարելով, որ ձեռնարկը իմաստալից եւ նպատակային ծրագիր մըն է, ուստի իւրաքանչիւր Հայու սեպուհ պարտականութիւնն է զօրակցիլ անոր արդիւնաւէտ իրականացումին։
Ի դէպ պէտք է ըսել, որ այս փոքրիկ եւ կենսունակ համայնքին անդուլ ջանքերով էր, որ 30 Մայիս 2013 թուականին Լուիզիանա նահանգի Ծերակոյտը բանաձեւ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան վերաբերեալ։ Իսկ նախապէս՝ 2004 թուականին, հակառակ թուրք դիւանագէտներու ձախողեցման ապարդիւն փորձերուն, Լուիզիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՝ իբրեւ ոճիր մը մարդկութեան դէմ։
Հացկերոյթի ընթացքին Ծխական խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համայնքին ատենապետը՝ պրն Վազգէն Գալթաքճեան, ապա դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ հիւրաբար հոն կը գտնուէր, կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութեան, Հայաստանի ներքաղաքական անբարենպաստ վիճակին, լարուած ներհակութիւններու հաշտեցման ու ներքին խռովութիւններու դադրեցման մասին՝ համազգային ջանքերով յաղթահարել կարենալու համար հայրենիքի ու Արցախի դէմ ծառացած ներկայ ժամանակներու ծանրագոյն մարտահրաւէրները։ Հարկ է վկայել, որ միջոցառումին գագաթնակէտը հանդիսացաւ հեռավար կապի ստեղծումը ուղղակի Արցախի թեմի փոխառաջնորդ եւ Գանձասարի վանքի վանահայր Տ. Սահակ վրդ. Շաքարեանի եւ Երեւանի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս դոկտ. Հ. Գարեգին Յարութիւնեանի հետ, որոնք ելոյթ ունենալով՝ ներկաներուն տեղեկացուցին հայրենիքի մէջ տիրող կացութեան, բարեսիրական ծրագրերու իրականացման անհրաժեշտութեան, պատերազմին զոհուած անմահանուն հերոսներուն եւ թշնամիին դէմ պայքարելու Հայոց բանակի անկոտրում կամքին մասին։
Մթնոլորտը խանդավառ էր, իսկ հայանպաստ նուիրատւութիւնները՝ սրտաբուխ։ Մասնակցողները ոչ միայն իրենց ընտանիքին անունով, այլեւ անձնապէս նիւթական յաւելեալ նուէրներով առաւել եւս իշխանական դարձուցին արդիւնքը։ Յուզիչ էր յատկապէս, երբ հայ երիտասարդներու ընկերակցութեամբ ամերիկացի ուսանողներ ալ իրենց այնքան սահմանափակ միջոցներէն չզլացան յանուն Արցախի բերելու իրենց նիւթական զօրակցութիւնը։
Հացկերոյթի օրուան ամբողջ հասոյթը, ինչպէս նաեւ յաւելեալ նուիրատւութիւնները պիտի տրամադրուին Գանձասարի վանքի բարեզարդութեան, վերանորոգումներուն եւ յարակից շինարարական ծրագրերու իրականցման։
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Պաթոն Ռուժ (Լուիզիանա – ԱՄՆ),
25 Սեպտեմբեր 2022