Հայաստանի քաղաքական, եկեղեցական եւ հանրային կեանքէն ներս կիրքերը սաստիկ շիկացած են, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւագանիէն երկու բարձրաստիճան դէմքերու կալանաւորման առթիւ, որոնք արդէն երկու տարի է իշխանութեան բռնի տապալումի քարոզչութիւն կը կատարէին Մայր Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ.ի լռելեայն համաձայնութեամբ։ Սակայն երբ երկու սրբազանները՝ Բագրատ Գալստանեան եւ Միքայէլ Աջապահեան, հաւատարիմ ըլլալով իրենց համոզումին՝ խօսքէն կ՚անցնին գործի՝ բռնի յեղաշրջում ծրագրելու, քաղաքական պայքարը կը դառնայ քրէական։
Ծայր առած քաղաքական տագնապը ընդդիմութեան կողմէ կը շահարկուի իբրեւ՝ իշխանութեան կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ քաղաքական հետապնդում։ Իսկ իշխանութեան համար Հայ առաքելական եկեղեցին չէ թիրախը, այլ բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք սկսեալ Վեհափառէն, զլացած են իրենց առաքելութեան մէջ, դրժած են իրենց ուխտն ու նախաձեռնած սահմանադրական կարգի խախտումի, այլ պետութեան շահերու սպասարկման։
Սկզբունքով Սահմանադրութիւնը կ՚ապահովէ պետութիւն-եկեղեցի տարանջատումը։ Սակայն, կարգ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ չգոհանալով արքեպիսկոպոսի վերապահուած իշխանութենէն, փառքէն ու պատիւէն, ազգային արժանապատւութեան վերականգնման քօղին տակ, ուզեցին գրաւել վարչապետի պաշտօնը ու ինկան Ռոբերտ Քոչարեանի լարած ծուղակը, որ 17 Փետրուար 2022-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, առաջին անգամ ըլլալով մտայղացած էր բարձրաստիճան եկեղեցականի պետական բարձրագոյն պաշտօն զբաղեցնելու գաղափարը, իբրեւ լաւագոյն լուծում 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու միջոց. «Լաւագոյն տարբերակը Հայ առաքելական եկեղեցու յարգանք վայելող ոեւէ սրբազանն է. Հէնց այս օրհասական պահին՝ նման թեկնածուն կը լինէր լաւագոյնը»։ Թէեւ Սահմանադրութիւնը չի թոյլատրեր եկեղեցականի մը պետական պաշտօն վարելը, սակայն, Քոչարեանի համար Սահմանադրութիւնը շրջացնելը մեծ խնդիր չէ, ինչպէս որ նման կարծիք յայտնած էր Բագրատ Գալստանեան, որ ունէր աւելի մեծ խոչընդոտ մը՝ գանատական քաղաքացիութիւնը, որ արգելք էր անոր վարչապետի պաշտօն վարելուն։
Եւ իրօք, Քոչարեանի սոյն յայտարարութեան առաջին զոհը եղաւ Բագրատ Գալստանեան, որ յաւակնեցաւ Հայաստանի վարչապետութեան պաշտօնին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ «Սրբազան պայքար»-ի հանրային ցոյցի առաջին օրն իսկ, խանդավառուած այդ ցոյցի յաջողութենէն՝ վարչապետ Փաշինեանին մէկ ժամ պայմանաժամ տուաւ, որ հրաժարի իր պաշտօնէն։
Սփիւռքը եւս անմասն չմնաց լարուածութենէն։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները, թեմերը, ծուխերը եւ ՀՅԴ սփիւռքեան կոմիտէները միացան Հայաստանի իշխանութիւններու դատապարտման։
Սահմանադրական կարգը տապալելու աշխատանքը չէր կրնար անտարբեր ձգել գերտէրութիւնները։ Ռուսաստան առաջին հերթին, Լաւրովի բերնով մտահոգութիւն յայտնեց «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան կատարած հալածանքին»։ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն իր զօրակցութիւնը յայտնեց վարչապետ Փաշինեանի՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ի նպաստ գործելու վարքին։ Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարար Գայա Գալաս նոյնպէս հիպրիտային պատերազմի դիմակայելու օգնութիւն առաջարկեց։
Քաղաքական պայքարը անհրաժեշտ է եւ օգտակար Հայաստանի նման նորահաստատ պետութեան համար, ուր սահմանադրական կարգը տակաւին բազմաթիւ փորձութիւններէ ու վտանգներէ չէ անցած որ ինքնիշխան կուռ համակարգ մը ստեղծէ։ Շահերու բախումը, արտաքին ուժերէ կախուածութիւնը, անոնց ներգործութիւնը այնքան մեծ է, որ դժուար թէ տեղական քաղաքական ուժերը ազգային շահի շուրջ կարենային համախոհութիւն գոյացնել, առանց սուր պայքարի բովէն անցնելու։ Նոյնիսկ եկեղեցականներու մասնակցութիւնը հարց չէ, եթէ հրաժարին իրենց սքեմէն։ Բուն հարցը 1700-ամեայ անցեալ ունեցող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներու՝ իրենց կոչումին բարձրունքին մնալու, իրենց հօտին հոգեւոր կարիքները հոգալու, քրիստոնէական արժէքները քարոզելու, փրկագործութեան նուիրուելու փոխարէն, քաղաքական գործունէութեամբ իրենց հօտը փրկելու փորձութեան ենթարկուիլն է։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։