Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – Սան Տիէկօ քաղաքը Ապրիլ 24-ը յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր

«Ասպարէզ»- Սան Տիէկոյի շրջանային Վերահսկիչ խորհուրդը Ապրիլ 4-ին միաձայնութեամբ ընդունած է հռչակագիր մը՝ 2023 Ապրիլ 24-ը յայտարարելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են 

Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Բագրատ Պերճեքեան, փաստաբան Ճոն Տատեան, Սան Տիէկոյի շրջանային դատախազ Սամըր Սթեֆըն եւ ուրիշներ:

Վերապատուելին շնորհակալութիւն յայտնած է Վերահսկիչ խորհուրդին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելուն համար՝ յատկապէս նկատի ունենալով Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան վերահաս սպառնալիքը, որուն պատճառը Ազերպայճանի պարտադրած շարունակական շրջափակումն ու յարձակողական գործողութիւններն են:

Սան Տիէկոյի հայ համայնքը եւս ողջունած է Վերահսկիչ խորհուրդի սոյն նախաձեռնութիւնը: ■