Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին զեկոյցը

Հաղորդագրութիւն

Փետրուար 28-էն Մարտ 3 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը: 

Ժողովի նիստերուն ատենապետեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան:

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած կացութեան եւ առկայ մարտահրաւէրներու մասին զեկուցեց ԳՀԽ-ի անդամ Գէորգ Դանիէլեան: Զեկուցողը, հանգամանօրէն ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, անդրադարձ կատարեց երկրին շուրջ ընթացող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, մասնաւորաբար անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն: 

Անդրադառնալով Արցախի հիմնախնդրին` ԳՀԽ-ն արձանագրեց, որ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքը Արցախի անկախութեան ճանաչումն է` ելակէտ ունենալով ազգերու ինքնորոշման հիմնական սկզբունքը: Այս առնչութեամբ  ընդգծուեցաւ համազգային համընդհանուր ջանքերու միաւորումը, միջազգայուն հանրութեան ամենալայն շրջանակներու աջակցութեան ապահովումը եւ մասնաւորաբար այդ ուղղութեամբ Եկեղեցոյ կողմէ իրականացուող աշխատանքներու առաւել ընդլայնումը:

Մայր Աթոռի լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեան ժողովականներուն տեղեկութիւններ հաղորդեց Մայր տաճարի հիմնական նորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներուն վերաբերեալ: Ծանուցուեցաւ, որ բարեյաջող ընթացքի մէջ են Մայր տաճարի ներքին յարդարման, որմնանկարներու վերականգման, օդափոխութեան համակարգի տեղադրման եւ արտաքին բարեկարգման աշխատանքները, որոնց աւարտը նախատեսուած է այս տարուան Սեպտեմբերին: 

Ողջունելով կատարուած աշխատանքները` ԳՀԽ-ն գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ երկար դադարէ յետոյ Մայր տաճարը իր դռները պիտի բանայ յուրախութիւն եւ ի մխիթարութիւն բարեպաշտ ժողովուրդին:

Մայր տաճարի վերաօծման, Միւռոնօրհնութեան, եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան եւ յարակից միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան: Սրբազան հայրը ժողովականներուն հաղորդեց, որ արարողութիւններն ու միջոցառումները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար կազմուած են յանձնախումբեր, որոնք պիտի համակարգեն ծիսական, արարողակարգային, հրատարակչական, քարոզչական եւ տեղեկատուական ոլորտներու աշխատանքները: 

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը գոհունակութեամբ ընդունեց ներկայացուած տեղեկութիւնը եւ ծրագրեց Մայր տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները եւ յարակից  միջոցառումները կազմակերպել յառաջիկայ Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 3 ժամանակահատուածին, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը` Հոկտեմբեր 8-ին:

Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան ժողովականներուն ներկայացուց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջանակին մէջ նախատեսուած հոգեւոր, կրթական, մշակութային ձեռնարկներու ծրագիրը: Նշուեցաւ նաեւ, որ Կիրակի, Մարտ 5-ին,  Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ կ՚ընթերցուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի 850-րդ տարելիցին նուիրուած Հայրապետական կոնդակը:

Նաթան սրբազան տեղեկացուց, որ ի նշանաւորումն Երանաշնորհ հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին` յառաջիկայ Դեկտեմբերին Հայ Առաքելական եկեղեցին եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցուն Վատիկանի մէջ պիտի կազմակերպեն միացեալ միջոցառումներ:  Սրբազան հայրը նշեց նաեւ, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակի օրը ԻՒՆԷՍՔՕ-ն եւս ներառած է յատուկ նշուող տօներու շարքին: 

Ժողովականները ծանօթացան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2022 տարուան գործունէութեան տեղեկագրին: Արձանագրուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցականներու ընդհանուր թիւը 721 է` 49 արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս, 72 կուսակրօն քահանայ (ծայրագոյն վարդապետ, վարդապետ եւ աբեղայ), 504 քահանայ, 96 սարկաւագ: Անցեալ տարի գործադրուած են հոգեւոր-քարոզչական, կրթական, մշակութային տարբեր ծրագրեր` Հայաստանի Զինուած ուժերուն, բանտերու, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու եւ համայնքներու մէջ: 

Կարեւորութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ 2022 թուականի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրագործած ընկերային աջակցութեան եւ օժանդակութեան ծրագրերուն: Յիշեալ ծրագրերը ի նպաստ էին զոհուած եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն, պատերազմի հետեւանքով Արցախէն եւ սահմանամերձ բնակավայրերէն տեղահանուած ու ընկերային առումով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած հայորդիներուն:

Քառօրեայ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ կանոնական ու հովուական կեանքին, կարգապահական ու իրաւական խնդիրներուն, կրթական ծրագրերուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերող հարցեր: 

Ժողովը վերջ գտաւ Ամենայն Հայոց հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով: