ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Հայաստան ներկայ է Պերլինի ITB միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին

(ITB Berlin – International Travel Trade Show, march 07-09, 2023)

Հայաստանէն 24 ընկերութիւններ կը մասնակցին Պերլինի ITB միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, ուր կարելի է ձեւաւորել համագործակցութեան նոր շրջանակներ։

Ցուցահանդէսի բացման նախօրեակին՝ Մարտ 6-ին, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան դեսպանութեան շէնքին մէջ հիւրընկալած է Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանը եւ Հայաստանէն ժամանած զբօսաշրջային բնագաւառի ներկայացուցիչները։

Հայաստանի դեսպանը ներկայ գտնուած է նաեւ ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութեան։