Յունիս 28-ին, Նիւրմպերկի հայ համայնքը տօնախմբութեամբ նշած է իր հիմնադրութեան 45-ամեակը, միաժամանակ նաեւ ոտնագնդակի խումբին հիմնադրութեան 10-ամեակը։
Ժամը 10-էն մինչեւ 15, Ֆիւրթ քաղաքի մարզադաշտին վրայ ոտնագնդակի խումբին 10-ամեակին առիթով տեղի ունեցած է ոտնագնդակի մրցաշարք, որուն մասնակցած են 8 հայկական խումբեր տարբեր քաղաքներէ։ Ֆրանսայէն Լիոնի խումբը հանդիսացած է յաղթական։
Երեկոյեան ժամը 18-ին Նիւրմպերկի մէջ տեղի ունեցած է յոբելինական հանդիսութիւն մը եւ տօնական ընդունելութիւն մը, թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի ներկայութեան։
Բացման խօսքէն ետք, առաջնորդ սրբազանը անդրադարձած է զոյգ յոբելեաններուն եւ իր գնահատանքը յայտնած Համայնքի հիմնադիրներուն, նախկին ու ներկայ հոգեւոր հովիւներուն, հին ու նոր սերունդներուն, բոլոր համայնքայիններուն, Նիւրմպերկի եւ շրջակայքի հայութեան՝ մաղթելով, որ անոնք ալ ամուր կառչած մնան իրենց ինքնութեան ու քրիստոնէական հաւատքին։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Նիւրմպերկի քաղաքապետ Մարքուս Քէօնիկ եւ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Լուսինէ Դաւթեան։ Վերջինս կարդացած է նաեւ դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեանի ուղերձը:
Երեկոյթին հանդիսավարութիւնը ստանձնած է Էրիկ Բարսեղեան, իսկ երաժշտական բաժինը՝ ծանօթ երգիչ Սեւակ Ամրոյեան, որ ժողովրդական, աշուղական ու հայրենասիրական երգերով դահլիճին մէջ ստեղծած է ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը։ Օրիորդ Սոնա Յարութիւնեան ասմունքած է Գէորգ Էմինի «Երգ կռունկի մասին» բանաստեղծութիւնը։
Տօնակատարութեան ընթացքին մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուած են հարիւրաւոր լուսանկարներ՝ համայնքի 45 եւ ոտնագնդակի խումբին 10 տարիների պատմութեան մասին։
Ընթրիքէն ետք, տեղի ունեցած է ոտնագնդակի մրցաշարքին մասնակցած խումբերուն պարգեւաբաշխումը։
Շուրջ 400 հայորդիներ ու հիւրեր համախմբող երեկոյթը երգ ու երաժշտութեամբ շարունակուած է մինչեւ ուշ գիշեր։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։