Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Պերլինի «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնի կազմակերպութեամբ՝ «100+10. Հայկական այլաբանութիւններ» խորագրեալ փառատօնը

Պերլինի Մաքսիմ Կորքի թատրոնը Ապրիլ 24-էն մինչեւ Մայիս 31 կը կազմակերպէ «100+10. Հայկական այլաբանութիւններ» (100+10 : Armenian Allegories) փառատօնը, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացուի բազմազան գեղարուեստական յայտագիր՝ ներառեալ թատրոն, ներկայացումներ, երաժշտութիւն, շարժապատկեր, գրականութիւն եւ արուեստ։

Ծանօթ անուններու կողքին՝ ինչպէս Տիգրան Համասեան, Ատոմ Եղոյեան եւ Արսինէ Խանճեան, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ երիտասարդ արուեստագէտներ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն։

Բեմադիրներ, լուսանկարիչներ եւ գրողներ իրենց գործերով կը պատմեն ոչ միայն Ցեղասպանութեան եւ պատերազմի, այլեւ ժամանակակից Հայաստանի կեանքին եւ մշակոյթին մասին։

Ապրիլ 25-ին, տեղի ունեցած «Future Imperfect: Armenian Art from the Aftermaths» («Անկատար ապառնի. հետեւանքներու՝ հայկական արուեստը») վերնագրով ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան, դեսպանութեան անձնակազմը եւ բազմաթիւ հիւրեր։