Յունիս 8-ին, Քէօլնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի, եպիսկոպոսական պատարագով նշուած է Հոգեգալստեան տօնը։ Պատարագը մատուցուած է ձեռամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ, Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի, որ այս օրերուն հիւրաբար Գերմանիա կը գտնուի։
«Հայր մեր»-էն առաջ Սերովբէ սրբազան, թեմական խորհուրդի եւ Քէօլնի հայ Համայնքի վարչութեան անունով, բարի գալուստ մաղթած է Օշական սրբազանին եւ զայն ծանօթացուցած ներկաներուն՝ հրաւիրելով որ իր պատգամը հաղորդէ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Օշական սրբազան իր քարոզին մէջ անդրադարձած է օրուան խորհուրդին եւ ամփոփ կերպով ներկայացուցած է իրաքահայ համայնքի անցեալն ու ներկան։
Պատարագէն ետք, որուն ներկայ եղած են նաեւ բազմաթիւ նախկին իրաքահայեր, Քէօլնի Համայնքի վարչութեան կազմակերպութեամբ սարքուած է սիրոյ սեղան մը, որուն ընթացքին ալ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։