ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Օրհնուած է Էպերն քաղաքին մէջ տեղադրուած խաչքարը

Մարտ 19-ին, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան այցելած է Պաւարիոյ երկրամասի Էպերն քաղաքը՝ օրհնելու համար տեղւոյն քաղաքապետութեան հովանավորութեամբ տեղադրուած հայկական խաչքարը։ Առաջնորդ սրբազանին ընկերակցած են Հայաստանէն ժամանած, Ս․ Էջմիածնի միաբան Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, ինչպէս նաեւ Պաւարիոյ հոգեւոր հովիւ Այգիկ քահանայ Յովհաննիսեան։

Խաչքարը նուիրած է Էպերնի բնակիչ Կարապետ Մուրատեան։

Խաչքարի օրհնութեան կարգէն առաջ, քաղաքապետ Եուրկէն Հենեման ողջունած է ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնած Հայ եկեղեցւոյ երկու սրբազաններու Էպերն այցելութեան եւ հայկական խաչքարի օրհնութեան առիթներով։ Այնուհետեւ Սերովբէ եւ Արտակ սրբազաններու հանդիսապետութեամբ օրհնուած է խաչքարը։ Արարողութեան՝ սաղմոսներու ընթերցումով մասնակցած են նաեւ տեղւոյն Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւորականներ։

Քաղաքապետութեան կողմէ խաչքարի կողքին տեղադրուած է հետեւեալ եռալեզու (գերմաներէն, հայերէն, անգլերէն) գրութիւնը․ «Հայկական քանդակագործութեան խորհրդանիշ այս խաչքարը տեղադրուած է առ ի երախտագիտութիւն գերմանացի ժողովուրդի՝ 2016 Յունիս 2-ին Պունտեսթակի կողմէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած հայոց ցեղասպանութիւնը,– որուն զոհ գացին աւելի քան 1,5 միլիոն անմեղ հայեր,– պաշտօնապէս ճանչնալուն համար»։

Օրհնութեան արարողութենէն ետք, խաչքարին դրացնութեամբ գտնուող եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսութիւն մը, որուն բացումը կատարած է Էպերնի քաղաքապետը եւ հրաւիրած երկու սրբազաններն ու խաչքարի նուիրատուն՝ իրենց տպաւորութիւնները արձանագրելու քաղաքի պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ։ Այնուհետեւ ներկաներուն խօսք ուղղած է թեմի առաջնորդ Սերովբէ սրբազան եւ անդրադարձած հայկական խաչքարի խորհուրդին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ իրենց հովանաւորութեան եւ աջակցութեան համար։

Հուսկ՝ հայկական խորովածով հիւրասիրուած են ներկաները։