«Տէր Զօր»
Մայիս 29-էն Յունիս 15, Փարիզի 15-րդ թաղի «International Art Gallery» (78, Ave. de Suffren – Village Suisse) ծանօթ պատկերասրահին մէջ բազմաթիւ հայեր, ֆրանսացիներ եւ օտար այցելուներ հաղորդակից եղան բացառիկ ցուցահանդէսի մը, որուն հեղինակը ծանօթ ու սիրուած գեղանկարիչ Յովհաննէս Յարութիւնեանն է։
Ցուցահանդէսի բացման օրը՝ Մայիս 29-ին, առաջին այցելուն Փարիզ 15-րդի թաղապետ Ֆիլիփ Կուժոնն էր։ Ջերմ զրոյց ունենալով արուեստագէտին հետ, ան ըսաւ, թէ շուրջ երկու շաբաթ իր թաղին բնակիչները պիտի վայելեն հայկական արուեստը, որ արդէն միջազգային ճանաչում ունի։
Ձախէն՝ Ժորժ Լեւի (պատկերասրահին տնօրէնը), Յովհաննէս Յարութիւնեան, աղջիկը՝ Սոնա, եւ Ֆիլիփ Կուժոն (Փարիզ 15−րդի թաղապետը)
Ցուցասրահին մէջ համախմբուած բազմաթիւ ներկաներու ուշադրութիւնը գրաւեց Նորվան Սրբազանի անակնկալ այցելութիւնը։ Շնորհաւորելով ու բարձր գնահատելով Յ. Յարութիւնեանի բազմաոճ կտաւները, Սրբազան հայրը ընդգծեց «Տէր Զօր» խորագրեալ գեղանկարը՝ նշելով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը պաստառին վրայ դիտելը շատ տպաւորիչ է, մա՛նաւանդ օտարներուն համար։
Ներկաները համակ ուշադրութեամբ երկար կանգ կ՚առնէին ամէն մէկ նկարին առջեւ, կարծէք կը փորձէին թափանցել Յարութիւնեանի ներաշխարհը՝ ըմբռնելու անոր մտածողութիւնը, զոր փորձած է վերարտադրել կտաւին վրայ։
«Մեծարանք՝ Փօլ Սեզանին»
«Մեծարանք Փօլ Սեզանին», «Երիտասարդութիւն», Վարդագոյն ծառը», Մոնմարթրի Bateau-Lavoir հրապարակը», «Երկու կիներ», «Պատշգամին վրայ»… վերտառութեամբ նկարներու երկար շարք մը։
Ցուցասրահի մուտքին տեղ գրաւած էր ֆրանսացի բանաստեղծ Լօռանս Հեռոյի «Après l’hiver» երկլեզու՝ ֆրանսերէն ու հայերէն (թարգմանութիւնը՝ գրող, բանաստեղծ Շանթ Մկրտչեանի) գիրքը, կողքի նկարը՝ Յովհաննէս Յարութիւնեանի։
Գեղանկարիչին հետ հանդիպելէ ետք է, որ գիրքին հեղինակը Հայաստանն ու Արցախը սիրած է ու անոնց շուրջ բանաստեղծութիւններ գրելու փափաքը զգացած։ «Յանուն Արցախի», «Յանուն Հայաստանի» բանաստեղծութիւններով, Լօռանս Հեռօ փորձած է իր ձայնը լսելի դարձնել անտարբեր աշխարհին՝ «Ռումբեր կը տեղան երկինքէն», միաժամանակ ոգեշնչելով՝ «Ես այնքան կ՚ուզէի սատար հանդիսանալ Արցախի մեր եղբայրներուն»։
Ի դէպ, այս պատկերասրահին մէջ նկարիչը բազմիցս ցուցադրած է իր գործերը։ Տնօրէնը՝ Ժորժ Լեւի յաճախ կ՚ըսէ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է նման տաղանդաւոր նկարչի մը կտաւները ցուցադրելը։
***
Յովհաննէս Յարութեան ծնած է 1950 Սեպտեմբեր 30-ին, Երեւան։ Վեց տարեկանէն սկսած է հետաքրքրուիլ նկարչութեամբ։ 12 տարեկանին մասնակցելով Հնդկաստանի մէջ պատանիներու ցուցահանդէսին՝ արժանացած է մրցանակի։
Շրջանաւարտ է Երեւանի «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանէն եւ Գեղարուեստաթատերական հիմնարկէն։
Մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու։
1990-ին գործուղուած է Փարիզ՝ ստեղծագործական աշխատանքի։ Նոյն տարին Փարիզի Արուեստներու միջազգային ոստանին (Cité internationale des arts) մէջ կը ներկայացուի Յովհաննէս Յարութիւնեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը, գեղանկարիչին առջեւ բանալով լայն հորիզոն մը։
Տեղին է նշել, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումին առիթով, գեղանկարիչը մեծադիր կտաւի վրայ կը պատկերէ թուրք ջարդարարներէն մազապուրծ հայ կին մը, որ իր նորածին մանուկը գրկած դիակներու ընդմէջէն սարսափով կը փախի դէպի անապատները։ «1915 Ապրիլ 24» խորագրեալ այս գեղանկարը այնուհետեւ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, առ ի երախտագիտութիւն կը նուիրուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովին։
«1915 Ապրիլ 24»
Անոր գործերը ցուցադրուած են Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն եւ տարբեր երկիրներու մէջ՝ արժանանալով մէկ տասնեակէ աւելի մրցանակներու։
Փարիզի «Grand Palais»-ի ամէնամեայ «Անկախ արուեստագէտներու ցուցահանդէս»-ին (Salon des Artistes indépendants) կը ցուցադրուին նաեւ Յարութիւնեանի գործերը։
***
Յովհաննէս Յարութիւնեանին ծանօթացայ 1992-ին, երբ Հայաստանի հանրային հեռատեսիլին համար իր մասին հաղորդում պատրաստեցի։ Այդ օրէն ի վեր կը շարունակուի մեր բարեկամութիւնը։
Անոր գեղանկարչական աշխարհը գունեղ ու պայծառ է, ինչպէս իր սիրտն ու հոգին, հետաքրքրական զրուցակից, լաւ մարդ, կատարեալ արուեստագէտ, նուիրեալ անհատականութիւն։
Տաղանդաշատ մեր հայրենակցին կը մաղթենք ստեղծագործական նորանոր վերելքներ։
Գոյնը՝ մաքուր լոյս է, Յովհաննէս Յարութիւնեանի կտաւները թող լոյս սփռեն Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեան վրայ՝ դառնանք հզօր ու անկոտրում։
ԱՆԺԵԼԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Փարիզ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։