Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գորիսի «Վաղարշ Վաղարշեան» թատերախումբը Տուշանպէի միջազգային փառատօնին գնահատական վկայագիր ստացած է

Գորիսի «Վաղարշ Վաղարշեան» թատերախումբը Տաճիկստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մասնակցած է «Նովրուզ» մասնագիտական թատրոններու միջազգային փառատօնին: Թատրոնի դերասանները հանդէս եկած են «Ա. Լախուտին»  պետական ակադեմական թատրոնի բեմին վրայ՝ «Միրհաւ» (հեղինակ՝ Ակսել Բակունց) ներկայացումով:

Դերասանական եւ բեմադրական բարձր մակարդակին եւ նիւթի արդիականութեան համար ներկայացումը արժանացած է գնահատական վկայագրի։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը։

Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Ուզպէքիստանի, Իրանի, Տաճիկստանի թատերախումբերը: