Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեան դատապարտուեցաւ երկու ամիս բանտարկութեան

Յունիս 18-ի երեկոյեան դատարանը գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանը երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտեց։ Ան կ՚ամբաստանուի իշխանութիւնը զաւթելու՝ ՀՀ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած եղանակով կառավարութեան լիազօրութիւններուն տիրացման ուղղուած հրապարակային կոչ ընելու մեղադրանքով:

Ինչպէս հաղորդած էինք, նախորդ օրը Կարապետեան News.am-ին տուած հարցազրոյցին, պաշտպանելով Հայ Առաքելական եկեղեցին՝ յայտարարած էր. «Ես միշտ եղել եմ Հայոց եկեղեցու կողքին ու հայ ժողովրդի կողքին։ Եթէ քաղաքական գործիչներին չյաջողուի, ապա մենք մեր ձեւով ենք միջամտելու եկեղեցու դէմ արշաւին»։ Այս յայտարարութիւնը Հայաստանի իրաւապահները համարած են իշխանութիւնը զաւթելու կոչ։

Դատարանին առջեւ համախբուած քաղաքացիները

Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձը ժողովուրդին. «Ինձ չեն կարող ճնշել, շեղել»

Նոյն օրը, փաստաբանը՝ դատարանի բակը հաւաքուած քաղաքացիներուն կարդաց Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձը.

«Յարգելի հայրենակիցնե՛ր, խորին շնորհակալութիւնս եմ յայտնում այս օրերին իմ եւ ընտանիքիս կողքին գտնուելու եւ մեզ աջակցելու համար։ Ցաւօք դատարանը վատ օրինակ ծառայեց օրէնքի եւ իրաւական երկիր ունենալու յոյսով ապրող մեր ազգին։ Ապացուցեց, որ դեռեւս ընդունակ չէ գործել ինքնուրոյն, յանուն արդարութեան եւ առանց յանձնարարութիւնների։ Կեանքիս ընթացքում, յաջողութիւններին զուգընթաց ունեցել եմ նաեւ բազում դժուարություններ, սակայն հոգիս երբեք չի յանձնուել։

Ապօրինի կալանքով, շինծու մեղադրանքով ինձ չեն կարող ճնշել, շեղել որդեգրածս սկզբունքներից։ Միշտ լինելու եմ ժողովրդիս, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցու կողքին, ջանք ու եռանդ չեմ խնայել ու չեմ խնայելու հայրենիքիս եւ հայութեան կեանքը բարելաւելու, բարեկեցիկ եւ անվտանգ ապագայ կերտելու համար։ Մենք պառակտող չենք, այլ ազգը համախմբող ենք, ամուր եղէք, մեր յաղթանակին այլընտրանք չկայ։ Առաջ Աստուած»։

Կ՚արժէ նշել, թէ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեան եւ Սամուէլ Կարապետեան, բազմաթիւ այլ հայերու շարքին, իբրեւ «անբաղձալի անձ» Ազերպայճանի իշխանութիւններու «սեւ ցանկ»-ին մէջ կը գտնուին։ Արդէն մէկուկէս տարի է որ Վարդանեան բանտարկուած է Ազերպայճանի մէջ, իսկ այսօր ալ Կարեպետեան Հայաստանի մէջ բանտարկուեցաւ։

Փաշինեան. «Հայաստանի ելեկտրացանցը պէտք է ազգայնացուի» 

Յունիս 18-ին, Հայաստանի ելեկտրացանցի պետականացման մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր դիմագիրքեան գրառման մէջ։ Ան նշած է, թէ ելեկտրացանցին սեփականատէրը ժողովուրդն է, քանի որ բոլորը կա՛մ սպառող են, կա՛մ աշխատակից։

«Այդ գործընթացը տեղի կ՚ունենայ արագ։ Իմ յանձնարարականն է՝ բոլոր աշխատակիցները պէտք է բարեխղճօրէն շարունակեն աշխատանքը։ Ազգայնացումից յետոյ բարեխղճութիւնը հաշուի կ՚առնուի»,– գրած է Փաշինեան։

Նշենք, թէ Հայաստանի ելեկտրական ցանցերը (ՀԵՑ) կը պատկանին Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին։ 

1998-2000 թուականներուն՝ նախագահ Քոչարեանի ժամանակաշրջանին՝ պետական գոյքերը սեփականաշնորհելու ծրագրին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ ՀԵՑ-ը, որ 2002-ին, հակառակ բազմաթիւ այլ լուրջ թեկնածութիւններու՝ վաճառուեցաւ ոմն օֆշորային Midland Resources Holding LTD ընկերութեան, 37 միլիոն տոլարի. այդ գումարէն զեղչուեցաւ նաեւ շուրջ 25 միլիոն տոլար, կուտակուած պարտքերու վճարումին համար։ Հետեւաբար գնողը Հայաստանի պետութեան վճարեց միայն 12 միլիոն 15 հազար տոլար։ 

Հետագային ՀԵՑ-ի սեփականատէրերը քանի մը անգամ փոխուած են: 

2015 Սեպտեմբեր 30-ին, մինչ ելեկտրականութեան սակերը բարձրացնելու մասին Հայաստանի կառավարութեան որոշումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր երկրին մէջ, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան կը յայտարարէր ՀԵՑ-ը ամբողջութեամբ գնելու մասին։ Ան կը խոստանար ամբողջ տարի մը,– կառավարութեան հետ միասնաբար,– յանձն առնել սակագինի յաւելումը՝ բնակչութեան եւ փոքր գործարարութեանց համար:

Այս գործարքին դիմաց «Տաշիր» կը պարտաւորուէր վճարել ընկերութեան կուտակած պարտքը, որը ըստ Սամուէլ Կարապետեանի՝ կը կազմէր 220 միլիոն տոլար:

ԱԳ նախարար Միրզոյեանի յայտարարութիւնը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ալ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է.

«Ռուսաստանեան պետական կամ հանրային հեռուստաընկերութեան եթերում հնչել են անընդունելի կոչեր, խեղաթիւրուած գնահատականներ, վիրաւորանքներ, այդ թւում` անձնական բնոյթի, այդ թւում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան նկատմամբ:

Անմիջապէս յետոյ նմանաբովանդակ դրսեւորումներ, արտայայտություններ եղել են նաեւ ռուսաստանեան քաղաքական գործիչների կողմից, այդ թւում՝ թէ՛ խորհրդարանի պատգամաւորների, թէ՛ կառավարող մեծամասնութեան պատգամաւորների կողմից: Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սա համարում ենք որպէս ոչ միայն հակասող Հայաստան-Ռուսաստան աւանդական բարեկամութեանը եւ այդ բարեկամութիւնն ամրագրող կամ կանոնակարգող իրաւական փաստաթղթերին, այլեւ ուղղակի բացայայտ միջամտութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերին եւ ոտնձգութիւն մեր ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ։ Այս մասին մենք տեղեկացրել ենք մեր ռուսաստանեան գործընկերներին։ Կարծում եմ, որ այս ժամի դրութեամբ պաշտօնական յայտագիրը պէտք է որ հասած լինի հասցէատիրոջը»:

Զախարովա մէջբերած է Փաշինեանի յայտարարութիւնները 2018 եւ 2019 թուականներուն

Յուլիս 18-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա «Ռիա Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջբերած է Նիկոլ Փաշինեանի երկու տարբեր ժամանակաշրջանի յայտարարութիւնները.

«2018-ին, Երեւանի հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան յայտարարած էր. “Իշխանութիւնները պէտք է անվերապահօրէն ճանչնան մեր յեղափոխութեան յաղթանակը եւ չցուցաբերեն իշխանութիւնը պահպանելու որեւէ ցանկութիւն։ Մենք կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անվերապահ անձնատւութիւն”։

2019-ին ալ Փաշինեան ըսած էր. “Մենք կը հրաւիրենք միջազգային գործարարները ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ։ Մենք նոյնիսկ կարգախօս ունինք հաւանական ներդրողներու համար եւ զանոնք կը հրաւիրենք Հայաստան՝ աւելի հարուստ դառնալու եւ Հայաստանը աւելի հարուստ դարձնելու համար”»։

Զախարովա ընդգծած է հակասութիւնը Փաշինեանի նախկին հրաւէրներու եւ ներկայի գործողութիւններուն միջեւ՝ յատկապէս ռուսաստանցի գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանի հետապնդման եւ անոր ներդրումները պետականացնելու կապակցութեամբ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը

Նոյն օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Քիչ առաջ տեղեակ դարձանք, որ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը, ակնյայտօրէն տեղի տալով իշխանութեան բացայայտ ճնշումներին, որոշել է կալանք կիրառել ազգային բարերար Տիար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ։

Տիար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող հետապնդումը վարչապետի հակաեկեղեցական գործողութիւնների հերթական դրսեւորումն է՝ նպատակ ունենալով վախի ու սպառնալիքի կիրառմամբ Հայոց եկեղեցուն զրկելու հաւատաւոր իր հօտի աջակցութիւնից։

Խստօրէն դատապարտելով ամօթալի այս վարքագիծը՝ գնահատում ենք այն որպէս հարուած ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարկին ու հեղինակութեանը, այնպէս եւ Հայոց եկեղեցուն։

Մեր ամբողջական զօրակցութիւնն ենք յայտնում Տիար Սամուէլ Կարապետեանին եւ Կարապետեան ընտանիքին՝ հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը նրանց»: