Դամասկոսի Առաջնորդարանը կը շարունակէ ընկերային օժանդակութիւնները

Մարտ 21-ին, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդութիւնը, հաւատարիմ մնալով ընկերային ծառայութեան սկզբունքին եւ արձագանգելով երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային դժուարութեանց, սննդակողովներ բաշխած է 200 կարիքաւոր ընտանիքներու:

Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. նալպանտեանի օրհնութեամբ սոյն օժանդակութիւնը տրամադրուած է ՀԲԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղին կողմէ: Օժանդակութեան բաշխումը  կազմակերպած են ՀԲԸՄ-ի պատանիները: