Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դեսպան Տըքոթինյի. «UFAR-ի հայ ուսանողները ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու  ապագան են»

Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Յունուար 8-ին ընդունած է Ֆրանսական համալսարանի (UFAR) 84 ուսանողներ, որոնք իրենց փորձառական շրջանը պիտի անցընեն Ֆրանսայի մէջ։

«Շնորհակալութիւն բոլոր գործընկերներուն, որոնց շնորհիւ ստեղծուած է այս կարելիութիւնը։ Այս ուսանողները  ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու  ապագան են»,– դեսպանութեան Դիմագիրքին էջին գրած է Տըքոթինյի։