Յունուար 5-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի փոխնախագահ տիկին Վալերի Ռապոյի կողմէ։
Այս առիթով տիկին դեսպանուհին Թուիթըրի իր էջին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.-
«Ջերմ եւ շահեկան հանդիպում՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահ տիկին Վալերի Ռապոյի հետ՝ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական յարաբերութիւններուն շուրջ։
Քննարկումներու առանցքը կազմեց Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող կեանքի ճամբուն՝ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին ապաշրջափակման հրատապութիւնը»։