Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դիւանագիտութիւն եւ դիմադրութիւն

Երեքշաբթի, Յունուար 10-ին, երկար ընդդմիջումէ ետք՝ պայմանաւորուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներով, վարչապետ Փաշինեան տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը։ Լրագրողներուն համար երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած ասուլիս մը, որուն ընթացքին 2023-ին «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան» (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մէջ ծրագրուած ռազմափորձերու մասին յայտարարեց թէ՝ «ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարն արդէն իսկ ՀԱՊԿ միաւորուած շտաբին գրաւոր տեղեկացրել է, որ մենք ՀՀ-ում ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններ անցկացնելն այս իրավիճակում նպատակայարմար չենք համարում։ Եւ այդ զօրավարժութիւնները Հայաստանում, յամենայնդէպս, այս տարի չեն կայանայ»։

Հայաստանի իշխանութիւններու այս երկրորդ մերժումն է յղուած՝ ՀԱՊԿ-ին եւ զայն հովանաւորող գլխաւոր ուժին՝ Ռուսաստանին, իբր հակազդեցութիւն Սեպտեմբեր 2022-ին Հայաստանի սահմանին ազերական յարձակումներուն՝ այդ հաւաքական ռազմական դաշինքին դաշնակցային իր պարտականութենէն հրաժարելուն, եւ Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ռուս խաղաղապահներու՝ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտը չգործադրելուն, ուր նշուած է Բերձորի միջանցքին անխափան գործածութեան երաշխաւորումը։ Յիշենք, որ Հայաստանի առաջին մերժումը 2022 Նոյեմբերին էր, չստորագրելով ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի աւարտական յայտարարութիւնը։ 

Զուգադիպութեամբ, Յունուար 10-ին, ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ու Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարներ՝ Շառլ Միշել եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն ստորագրեցին Համագործակցութեան երրորդ համատեղ հռչակագիրը։ ՕԹԱՆ-ի այս յաջողութեան կից, որ երկու նոր անդամներով կ՚ընդարձակուի, անդին՝ ակներեւ է ՀԱՊԿ-ի ձախողութիւնը, որ Հայաստանի հանդէպ կը զլանայ իր պարտականութիւնը կատարել, եւ անդամակցութեան համար ոչ մէկ երկրի հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ 

Արդեօ՞ք ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հրաժարումը՝ Արեւմուտքէն եւ կամ ՕԹԱՆ-էն աւելի մեծ նեցուկ ստանալու առիթ կ՚ընծայէ։ Բնա՛ւ։ Եւ հո՛ս է Հայաստանի ճակատագրական առանձնութեան առեղծուածը։ Ըլլայ ՕԹԱՆ-ը, ըլլայ՝ ՀԱՊԿ-ն, այս երկու ռազմական դաշինքներն ալ բռնատիրական Ազերպայճանը կը նկատեն իրենց ռազմավարական գործընկերը, իսկ հետզհետէ աւելի ժողովրդավարութեան փարող Հայաստանը՝ երկրորդ կարգի պետութիւն մը։ Աւելին՝ ըլլա՛յ ՕԹԱՆ-ի, ըլլա՛յ ՀԱՊԿ-ի համար, Հայաստանի գոյութիւնը կարեւոր է իբրեւ միջոց Ազերպայճանը սիրաշահելու։ Հայաստանն ու Արցախը միջոց են Ռուսաստանի համար Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու։ Իսկ ԱՄՆ-ու եւ Արեւմուտքի համար ալ Հայաստանն ու Արցախը միջոց են Ռուսաստանի եւ Իրանի դէմ պայքարելու։

Ռազմավարական այս բարդ պայմաններուն մէջ է, որ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի փակումը արդէն մէկ ամիսէ ի վեր միջազգային պատշաճ հակազդեցութեան չէ արժանացած։ Ազերական ուժերը առանց անհանգստանալու փակած կը պահեն ճամբան։ Խօսքի մակարդակի դատապարտումները կը տեղան ամէն կողմէ։ Սակայն գործնականին մէջ, ո՛չ մէկ սպառնալիք։ Միակ հակազդեցութիւնը Արցախի իշխանութիւններէն եւ Հայաստանէն եկաւ։ Երկուքն ալ՝ չզիջելու տարազով։ Արցախ կը մերժէ Ազերպայճանի «բնապահ»-ներու ստուգումներուն առիթ տալ, որ հանքերը այցելեն, փոխարէնը՝ կ՚առաջարկէ միջազգային փորձագէտներու այցելութիւնը՝ հանքերուն մէջ բնապահական ստուգումներ կատարելու համար։ Իսկ Հայաստան դաշնակից Ռուսաստանի քմահաճ վերաբերումին չ՚ուզեր զիջիլ եւ կը պահանջէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ նշուած 6-րդ կէտին գործադրումը։

Հակառակ միջազգային ասպարէզին վրայ Հայաստանի՝ առանց դաշնակիցի մնալուն, Փաշինեան ամուր կը մնայ դիւանագիտական միջոցով հարցերը լուծելու իր դիրքորոշման մէջ. «Մեր գործիքակազմը պէտք է լինի դիւանագիտական, այն է՝ միջազգային հնարաւորինս մեծ ճնշում գործադրել Լաչինի միջանցքը բացելու հարցում»։

Ժ.Չ. ■