Հոկտեմբեր 13-ին, Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի արեւելեան շրջանը գտնուող Տիռէ Տաուա քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Մինաս մատռան (կառուցուած 1928-ին, հայ համայնքին միջոցով) յուշատախտակին բացումը կատարուած է։ Արարողութեան մասնակցած են տեղւոյն քաղաքապետարանի անդամները եւ Եթովպիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առժամեայ հաւատարմատարը։
Տիռէ Տաուայի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը եւ Հայաստանի առժամեայ հաւատարմատար Արտեմ Ազնաւուրեան իրենց ելոյթին մէջ արժեւորած են Եթովպիոյ, եւ մասնաւորապէս Տիռէ Տաուայի մէջ հայկական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ երկու երկիրներու միջև դարաւոր բարեկամութեան դրսեւորում: