Մայիս 13-16, Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա գտնուող Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է շարք մը պաշտօնական հանդիպումներու եւ մշակութային ձեռնարկներու։ Պատուիրակութեան մաս կազմած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելած է Եթովպիոյ ազգային թանգարան եւ ծանօթացած հոն ցուցադրուող հնամարդաբանական արժէքաւոր նմուշներուն։ Թանգարանի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումին՝ կողմերը գործակցելու եւ միատեղ թանգարանային ծրագրեր մշակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած են։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։