Բերձորի միջանցքի եւ հայ-ազերպայճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը գնահատելու նպատակով Փետրուար 17-19 Հայաստան կատարած այցէն ետք, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի համազեկուցողներ Քիմօ Քիլիունէն (Ֆինլանտա) եւ Պորիանա Օպերկ (Շուէտ) հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր յատկապէս ընդգծուած է, թէ Բերձորի միջանցքի կացութեան հանգուցալուծումը կը պահանջէ անյապաղ գործողութիւններ։
«Այսօրուան դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները չեն կրնար ազատ դուրս ելլել այնտեղէն, եւ ինչպէս մեզի տեղեկացուցած են, 954 հոգի տակաւին կը մնայ միջանցքի երկու կողմերը։ Այս միջանցքով կ՚երթեւեկեն մի՛այն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահներու կառքերը, որ ակնյայտօրէն բաւարար չէ բնակչութեան կարիքները հոգալու համար։
Աւելի՛ն, կենսական նշանակութիւն ունի, որ ապրանքները ժամանակին առաքուին ցանքի եղանակին։ Ազատ երթեւեկը պէտք է վերականգնուի՝ համաձայն 2020 Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ համաձայնութեան»,– նշած են համազեկուցողները։
Բացի ատկէ, ըստ ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողներուն, Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման եւ ելեկտրամատակարարման բազմակի ընդհատումները յանգեցուցած են բնակչութեան իրաւունքներու լուրջ խախտումներու. բազմաթիւ մարդիկ արդէն կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, իսկ երախաները զրկուած են կրթութենէ, քանի որ դպրոցները հարկադրաբար փակուած են։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին տիրող իրավիճակին, ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողները ուսումնասիրած են Ջերմուկ քաղաքի եւ Սոթք գիւղի քաղաքացիական ենթակառոյցներու վրայ ազերպայճանական զօրքերու յարձակումներուն հետեւանքները։
«Արձանագրեցինք, որ քաղաքացիական գօտիներու մէջ բեկորային զինամթերքի կիրարկման ապացոյցները հաւաքուած եւ պահպանուած են հետագայ փորձաքննութեան համար։ Մեզի ցոյց տուին ազերպայճանական ռազմական դիրքերու առկայութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, երբեմն վիճելի սահմանագիծէն շատ հեռու»,– յայտնած են ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողները։
Անոնք բարձր գնահատած են սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան հաստատուիլը՝ նշելով նախորդ առաքելութեան շօշափելի արդիւնքները՝ լարումը նուազեցնելու գործին մէջ։
«Մենք կոչ կ՚ընենք երկու կողմերուն ձեռնարկելու սահմանազատման քննարկումներուն եւ համաձայնելու՝ սահմանէն զօրքերը փոխադարձ կարգով ետ քաշելու՝ որպէս վստահութեան ամրապնդման անյապաղ քայլ։ Մենք, ինչպէս միշտ, ուշադիր կը հետեւինք ապագայ իրադարձութիւններուն եւ կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը խորհրդարանական մակարդակով ցուցաբերելու լիակատար քաղաքական աջակցութիւն՝ յարատեւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար»,– եզրափակած են ԵԽԽՎ համազեկուցողները։
Նշենք, թէ եւրոպացի դիւանագէտները իրենց կեցութեան ընթացքին այցելած են Ջերմուկ, Գորիս եւ Վարդենիս քաղաքներ եւ յարակից տարածքներ, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքի մուտքը՝ հայկական կողմէն: Անոնք հանդիպումներ ունեցած են տեղւոյն պաշտօնեաներու եւ շրջափակման պատճառով Գորիս մնացած Արցախցիներու հետ։