Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան թեկնածուն է հանրածանօթ երգիչ Ռուբէն Հախվերդեանը, որ ծանօթ է նաեւ Ռուբէն Երեւանցի անուանումով: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեան։
«Ազնիւ, անկեղծ, արդար։ Սովորական հանճար։ Իսկական Երեւանցի։ Իսկական Քաղաքացի։ Իսկական Եւրոպացի։ Ազգի սերուցք»,– գրած է Խզմալեան։