Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ. «Կրթամշակութային կեանքը Արցախի մէջ» խորագրեալ գիտաժողովը

Մարտ 29-ին, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Պատմութեան հիմնարկին եւ Արցախի Պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Կրթամշակութային կեանքը Արցախի մէջ» խորագրեալ գիտաժողովը: Ան ի սկզբանէ նախատեսուած էր կազմակերպել Արցախի մէջ, սակայն ազէրպայճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած լարուած կացութեան պատճառով կայացած է Երեւանի մէջ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Անահիտ Յակոբեան, Արցախի Պետական համալսարանի ղեկավար Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։ Արցախէն գիտաժողովին առցանց միացած է Արցախի ԿԳՄՄ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ 

Գիտաժողովին մասնակից՝ գիտութեան եւ մշակոյթի ճանչցուած գործիչները անդրադարձած են՝ «Կրթամշակութային կեանքը Արցախի մէջ», «Արցախահայերու դերը Պաքուի քարիւղի արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ», «Ազէրպայճանի կողմէ կիրարկուող մշակութային եղեռնագործ քաղաքականութեան շարունակական գործողութիւնները Արցախի մէջ», «Արցախի ազգաբանական պատկերը», «Հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման քաղաքականութիւնը 1991-2019 թթ.» բնաբանով նիւթերուն։