Յուլիս 26-ին, մայրաքաղաք Երեւանի «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ պաշտօնական բացումը կատարուած է Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն, մասնակցութեամբ աւելի քան 750 մարզիկ-մարզուհիներու,– որոնք Հայաստան ժամանած են ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Սթոքհոլմէն, Փարիզէն, Մարսիլիայէն, Թիֆլիսէն, Երուսաղէմէն, Քուէյթէն, Գահիրէէն, Պաղտատէն, Լիբանանէն, Իրանէն,– եւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու 200 պատանիներու:
Երեւանէն անոնց միացած են ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ Արցախի մարզիկ-մարզուհիները։
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան նախորդած է մարզախաղերու մասնակիցներուն տողանցքը՝ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանէն մինչեւ «Հանրապետութիւն» հրապարակ։
Մարզախաղերու ջահը միաժամանակ բոցավառուած է հայութեան նուիրական երեք վայրերէ՝ Սուրբ Էջմիածնէն, Ծիծեռնակաբերդէն եւ Եռաբլուրէն։ Երեք ջահերը միացած են Եռաբլուրի մօտ, ապա փոխանցավազքով, մարզիկներու ձեռամբ գլխաւոր ջահը հասած է հրապարակ, ուր ալ տեղի ունեցած է մեծաշուք հանդիսութիւնը։
Յուլիս 29-ին, մարզախաղերու մասնակիցները կ՚այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Սուրբ Էջմիածին։
Փակման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 2-ին, յաղթանակի պարահանդէսով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։