Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի տարածքին մաս կազմող ազգապատկան «Կովերու պարտէզ»-ին աւստրալիացի հրեայ գործարարի մը 99 տարուան համար վարձակալման (գրեթէ համազօր՝ վաճառման) ապօրինի գործարքէն գայթակղած սրտցաւ անհամար Հայերէն մէկը՝ սաղիմահայ գործիչ Նիքոլ Շիաւի Ճանսըզեան Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ.
«Հայկական թաղամասի 14.000-էն 16.000 քառ. մեթր մակերեսով հողատարածքին վրայ շքեղ պանդոկ կառուցելու հրեայ շինարարին յատակագիծերը արդէն ներկայացուած են քաղաքապետարան:
Անոր իրագործումը պիտի յանգեցնէ բնակիչներու, առեւտրականներու եւ բուն հայկական ճեմարանի դահլիճի արտաքսման։ Այս նախագիծը զգալիօրէն կը գերազանցէ պայմանագրին մէջ նշուած 11.500 քառ. մեթրը: Եթէ այդ իրականանայ, ինչ որ շատերու մտավախոթիւնն է, ընդմիշտ պիտի փոխուի Երուսաղէմի մէջ հայ եւ քրիստոնեայ ներկայութեան դիմագիծը:
Վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը բխի միջազգային փաստաբաններու խումբի մը երէկ գիշեր՝ Յուլիս 7-ին, հայկական միաբանութեան բակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուցած մանրազնին հետաքննութեան զեկոյցէն»։