Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Գեթսեմանիի Սուրբ Աստուածածին տաճարը յարձակման ենթարկուած է

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատապարտած է արարքը

Հայ և յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու հսկողութեան տակ գտնուող Գեթսեմանիի Սուրբ Աստուածածին տաճարը յարձակման ենթարկուած է։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դատապարտելով արարքը հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

«Հակառակ անոր որ Սուրբ Աստուածածին տաճարին վրայ սոյն յարձակումը առաջինն էր ընթացիկ տարուան սկիզբէն ի վեր, սակայն քրիստոնէական միւս սրբավայրերը անզգամ յարձակողներու կողմէ մնայուն կերպով կ՚ենթարկուին թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ ալ հոգեբանական ճնշումներու։ Եթէ եկեղեցիներու վրայ կատարուած նախորդ յարձակումները անմիջապէս դատապարտուէին տեղական իշխանութիւններուն կողմէ եւ յանցագործները պատժուէին օրէնքի խստութեամբ, քրիստոնէական համայնքներու, աղօթատեղիներու եւ վանքերու վրայ նոր յարձակումները կը կանխուէին։ Կրօնական անհանդուրժողութիւնը եւ ատելութեամբ լեցուած ոճրագործութիւնները իրենց բոլոր դրսեւորումներով արգելք կը հանդիսանան խաղաղ համակեցութեան պայմաններու ստեղծման։ Յատկապէս, այսօր իշխանութիւններու կողմէ անվերահսկելի դարձած այս յարձակումները, առաւել կը խթանեն ատելութեան հողին վրայ կատարուած յանցագործութիւնները եւ անհանդուրժողութիւնը։ Այսպիսի գործողութիւնները անապահով պայմաններ կը ստեղծեն քրիստոնեայ համայնքներուն համար եւ անվստահութեան սերմեր կը ցանեն հաւատացեալներու, զբօսաշրջիկներու եւ բնակիչներու մէջ՝ տեղական իշխանութիւններուն հանդէպ։

Հետեւաբար, Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան կոչ կը յղենք լուրջ միջոցներու ձեռնարկելու՝ կանխելու այսօրինակ յարձակումները եւ պաշտպանելու թէ՛ քրիստոնէական սրբավայրերը, թէ՛ ալ անոնց ամէնօրեայ սպասաւորները՝ հետագայ ոտնձգութիւններէ եւ յարձակումներէ»։