Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – «Կովերու պարտէզ»-ի հարցը 

Յունիս 16-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցած է սաղիմահայ համայնքի անդամներու շաբաթական ժողովը, ուր անգամ մը եւս պահանջուած է չեղեալ յայտարարել «Կովերու պարտէզ»-ի վարձակալութեան համաձայնութիւնը։

Պատրիարքութեան այս կարեւոր ունեցուածքը, որ կը կազմէ Հայկական թաղամասին շուրջ մէկ քառորդը եւ որ Ցեղասպանութեան ընթացքին, վերապրածներու ճամբար ծառայած է, 99 տարուան համար ապօրինաբար վարձուած է հրեայ-աւստրալիացի գործարարի մը. վերջինս կը ծրագրէ հոն կառուցել շքեղ պանդոկ մը: Սուրբ քաղաքի հայ համայնքի ստուար մէկ հատուածը կը պահանջէ չեղեալ յայտարարել պատրիարքին եւ կարգալուծուած Պարետ վարդապետ Երէցեանի՝ առանց վանական միաբանութեան համաձայնութեան տնօրինած այս վարձակալութիւնը։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սաղիմահայերու շարժումի գործիչներէն Յակոբ Ճերնազեանի յայտարարութիւնը, զոր հրապարակած է Դիմագիրքի իր էջին.

«Սիրելի՛ Սաղիմահայեր, 

Շնորհակալ եմ բոլորին, որ ներկայ գտնուեցան այսօրուան հաւաքին։ Գալիք օրերու ընթացքին բոլորդ, Հայեր եւ ոչ-Հայեր ձեր ձեռքը պիտի հասնի հայ փաստաբաններուն պատրաստած երկար տեղեկագրութիւնը, զոր վերջին 5 օրերու ընթացքին սկսած են պատրաստել։ Տակաւին շատ էջէր կան կարդալու եւ հասնելու վերջնական եզրակացութեան թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է։ Տասնեակ հանդիպումներ, հարիւրաւոր էջէր, լեցուն՝ տուեալներով, պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին հանրութեան, ինչպէս նաեւ ապագայի քայլերը։ 

Արդար է պայքարը եւ այս պատճառով է, որ պիտի յաջողինք»։