Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեան կը հաղորդէ.
Երկուշաբթի, Փետրուար 6-ին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելեց Իսրայէլի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորով yv հանդիպում ունեցաւ Նուրհան bատրիարք Մանուկեանի հետ:
Հանդիպումին Պատրիարք Հայրը դեսպանէն հայցեց, որ իր խնդրանքը հաղորդէ Ռուսատանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ անոր անմիջական միջնորդութեամբ կարելիին չափ շուտ բացուի Բերձորի միջանցքը եւ Ազերպայճանէն մայր հայրենիք վերադարձուին մեր ռազմագերիները: