Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը՝ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Վահագն Խաչատուրեանին՝ ՀՀ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն կապակցութեամբ.

«Յարգարժան Տիար Խաչատուրեան,

Այսու կու գանք շնորհաւորել Ձերդ Վսեմութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հինգերորդ նախագահի ընտրութիւնը եւ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ կոչուելով այս պատասխանատու պաշտօնին՝ լաւագոյնս կը կատարէք Սահմանադրութեամբ ստանձնած Ձեր պարտականութիւնները:

Լիայոյս ենք, որ երկար տարիներու Ձեր դիւանագիտական փորձը պիտի ծառայեցնէք Հայրենի մեր երկրի պայծառութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ ժողովուրդի բարօրութեան: Աներկբայ ենք, որ Ձեր պաշտօնավարման տարիներուն ամէն ճիգ պիտի գործադրէք Հայրենիքի ու Արցախի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան զօրացման ուղղութեամբ:

Տիար Խաչատուրեան, Տէրունակոխ Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմէն մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզի եւ կ’աղօթենք, որ Աստուած պարգեւէ Ձեզի լիառատ քաջառողջութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն՝ յուսալով օր մը Ձերդ Վսեմութիւնը տեսնել Սուրբ Երկրին մէջ:

Աղօթարար՝

Նուրհան Արք. Մանուկեան

Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի»