Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երևանի մէջ բողոքի նստացոյց սկսած է Արթուր Վանեցեան 

Երեւանի մէջ Ապրիլ 17-էն Ազատութեան հրապարակին վրայ անսահմանափակ ժամանակի համար նստացոյց սկսած է՝ ՀՀ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան։ 

“Իմ անձնական որոշումով եկել եմ Ազատութեան հրապարակ: Յայտարարել եմ, որ իրականացնելու եմ անժամկէտ բողոքի նստացոյց՝ յանուն մեր Արցախի, մեր Հայաստանի անվտանգութեան: Մարդիկ մօտենում են ու ասում՝ խոստացէք, որ այս անգամ մինչեւ վերջ գնալու էք: Գալիս են մարդիկ, որոնք երբեք բողոքի ցոյցերի չեն մասնակցել, չեն հանդիսանում որեւէ կուսակցութեան անդամ”,– «Արմէնփրէս»-ի համաձայն նշած է Վանեցեան:

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարը անդրադարձած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ելոյթին, նշելով որ՝ մտահոգիչ են վարչապետին յայտարարութիւնները։

Խօսելով ապագայ քայլերուն մասին՝ Վանեցեան ընդգծած է, թէ հանդիպումներ ու քննարկումներ ունեցած է ընդդիմադիր միւս գործիչներուն հետ: Կը նախատեսուի պայքարը մղել ապակեդրոն, ցանցային միջոցով: Ան վստահեցուցած է, որ ունին յստակ գործողութիւններու ծրագիր եւ յառաջիկային քաղաքացիները ականատես պիտի ըլլան բողոքի այլ արարքներու: