Լռեցուած ձայնը պիտի շարունակէ հնչել
Սեփական ժողովուրդի ցաւն իր մէջ կրող, արդարութեան պայքարի համար իր կեանքը զոհած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս»-ի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի կեանքն ու գործունէութիւնը կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»-ին մէջ (ՆՓԱԿ) Մայիս 7-էն իր դռները կը բանայ «Հրանդ Տինք․ հոս եւ հիմա» խորագրեալ ցուցահանդէսը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Հայաստան-Թուրքիա» ծրագիրը համակարգող Թալին Սիւզմէն «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշած է, թէ ցուցահանդէսը Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան՝ անոր սպանութեան վայրին մէջ հիմնուած Հրանդ Տինքի «23,5» յուշավայրի քաղուածքն է եւ շարունակութիւնը։ Յուշավայրը, որ իր դռները բացաւ 2019 Ապրիլ 23-24-ին, իր անուանումը ստացած է Հրանդ Տինքի հեղինակած «Ապրիլ 23 ու կէս» յօդուածէն՝ հրատարակուած 1996 Ապրիլ 23-ին, «Ակօս»-ի մէջ։
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 2022 Յուլիս 31։