Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան կիպրացի Գոսթաս ՄավրիտեսԲերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ տիրող տագնապը մարդասիրական արտակարգ իրավիճակ եւ Ազերպայճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում համարած է։
Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան Մավրիտես նշած է, թէ միջանցքին ամբողջական եւ կամայական շրջափակումը, մասնաւորապէս՝ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի բնակչութեան հիմնական կարիքներուն համար մարդասիրական բեռներու մատակարարման արգելք հանդիսանալը, միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ կը համարուի ռազմական յանցագործութիւն։
“Նկատի առնելով, որ կացութիւնը տեղւոյն վրայ օր ըստ օրէ կը վատթարանայ, եւ Ազերպայճան կը շարունակէ Արցախի բնակչութիւնը սովի մատնելու քաղաքականութիւնը ու չի յարգեր միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները՝ հասած է պահը, որ միջազգային հանրութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը աւելի կտրուկ միջոցներու ձեռնարկեն, օրինակ՝ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ սահմանեն”,– ընդգծած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։