Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) Ապրիլ 12-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ Հայաստանի զինեալ ուժերուն վրայ Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի մերձակայքին ազերպայճանական ուժերուն կողմէ յարձակման առնչութեամբ, յարձակումը «բախումներ» որակելով։
«ԵՄ-ը կ՚ափսոսայ զինեալ բախումներուն համար, որոնց հետեւանքով հայ-ազերպայճանական սահմանի Տեղ գիւղի մերձակայքին զոհուած եւ վիրաւորուած են հայ եւ ազերպայճանցի զինուորներ։ Այս միջադէպը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ, որ սահմանազատուած սահմանի բացակայութեան պայմաններուն տակ պէտք է յարգել 1991-ի սահմանագիծը, կողմերէն իւրաքանչիւրի ուժերը պէտք է դուրս բերուին այդ գիծէն անվտանգ հեռաւորութիւններու վրայ՝ կանխելու միջադէպերու կրկնութիւնը»,– յայտարարած է ԵՄ-ի Արտաքին գործոց և անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բանբեր Նապիլա Մասրալի։
«Նախկին պարտաւորութիւնները պէտք է յարգուին, այդ կարգին՝ Փրակայի 2022 Հոկտեմբերին ստանձնուածները՝ կապուած հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հետ՝ համաձայն 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագրին: ԵՄ-ը նաեւ կոչ կ՚ընէ աշխուժացնելու սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները եւ պատրաստ է աջակցելու այդ գործընթացին ամէնէն բարձր մակարդակով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութեան ներկայութեամբ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: