Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբին կոչ կ՚ընէ հանդէս գալու Փարիզի խաղերուն Ազերպայճանի մասնակցութեան դէմ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«“Եւրոպացիները յանուն Արցախի” շարժումը նամակ մը յղած է Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբի նախագահին՝ 2024-ին Փարիզի մէջ կայանալիք ամառնային ողիմպիական խաղերուն Ազերպայճանը մասնակցութենէն զրկելու վերաբերեալ։

Նամակը յղուած է նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, Փարիզի քաղաքապետութեան, ինչպէս նաեւ Մարզանքի նախարարին։

Նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի իրագործած ցեղային զտումը` Շարժումը կոչ կ՚ընէ արգիլելու Ազերպայճանի իբրեւ պետութիւն ներկայացման Ողիմպիական խաղերուն եւ  ազերպայճանցի մարզիկներուն մասնակցութիւնը արտօնելու մի՛այն չէզոք դրօշի ներքոյ։ 

Բնականաբար սոյն կոչը յղուած է 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով իրենց պապենական հողերէն 120․000 Հայերու բռնի տեղահանման պայմաններուն մէջ։

Նամակին պատասխանած է միայն Ֆրանսայի Ազգային ողիմպիական յանձնախումբը՝ ընդունելով իրավիճակը և դիտել տալով, որ իրենց կեցուածքը համահունչ է Ֆրանսայի կառավարութեան կեցուածքին եւ անոր դիւանագիտական ջանքերուն՝ նշելով. «Մենք չենք կրնար անհաղորդ մնալ նման աղէտին հանդէպ»։

Շարժումը այս առումով պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել՝ յանուն արդարութեան։

2024 Փետրուար 22»