Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զաքիր Հասանով. «Ազերպայճան Հայաստանի հետ սահմանին ստեղծած է շատ հզօր կրակային համակարգ»

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Յունիս 26-ին յայտարարած է. “2020 թուականի պատերազմէն յետոյ ազերպայճանական բանակը պայմանական պետական սահմանին իրականացուցած է շուրջ վեց խոշոր գործողութիւն, որոնց հետեւանքով հայկական բանակը մեծ կորուստներ կրած է, թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ալ զինամթերքի առումով։ Միաժամանակ Ազերպայճան գրաւած է ռազմավարական բարձունքներ։

Ներկայիս, ունենալով նման ռազմավարական առաւելութիւն, մենք այնտեղ ստեղծած ենք շատ հզօր կրակային համակարգ։ Ան կը ներառէ բուն Հայաստանի ներսը՝ մատակարարման բոլոր ռազմավարական ուղիներու և զօրքերու տեղաշարժերու վրայ ազդելու կարելիութիւնը: Մենք այնտեղ ստեղծած ենք նաեւ հզօր ճարտարապետական կառոյցներ, որոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան գործնական առաւելութիւն ունենալու”։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարը կը սպառնայ նաեւ Արցախին

Հասանով սպառնացած է նաեւ Արցախին։ «Ինթերֆաքս»-ի համաձայն ան յայտարարած է հետեւեալը.

“Ղարաբաղի տնտեսական շրջանին մէջ մնացած ապօրինի հայկական զինուած կազմաւորումները լուրջ վտանգ չեն ներկայացներ Ազերպայճանի համար, մեր բանակի մէկ միաւորը կրնայ դիմադրել անոնց։ Մենք գիտենք անոնց թիւը, սպառազինութիւնը, գիտենք անոնց բարոյահոգեբանական վիճակը, գիտենք, թէ ի՛նչ ընդունակութիւն ունին”։

Հասանով ազերպայճանական CBC հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին նշած է, որ հետախուզական մեծ կարելիութիւններու շնորհիւ Ազերպայճան ամբողջական տեղեկութիւն ունի այդ «ապօրինի զինուած կազմաւորումներու»-ն մասին. “Մենք գիտենք անոնց սպառազինութիւնը՝ քանի մը տասնեակ հրասայլեր, որոնք նորոգութեան կը կարօտին, քանի մը տասնեակ թնդանօթներ, որոնք նոյնպէս խնդիրներ ունին։ Կ՚ակնկալենք՝ այդ կազմաւորումները կը գիտակցին, որ այլ տարբերակ չունին, պէտք է գործեն միջազգային օրէնքներու եւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ։ Այսինքն՝ ճանչնալ ազերպայճանական օրէնքները, եւ ով կ՚ուզէ օրինական կարգով ապրիլ Ազերպայճանի տարածքին, խնդրեմ, թող ապրի, ով չ՚ուզեր՝ ճամբան բաց է, կրնայ երթալ ու ապրիլ հոն, ուր կ՚ուզէ”,– ընդգծած է Հասանով։

Հարցազրոյցի ընթացքին Հասանով քանի մը անգամ կրկնած է, թէ ազերպայճանական զինուժը կը զարգանայ արեւմտեան օրինակով` թրքական բանակի հետ սերտ համագործակցութեամբ. “Միայն 2023-ին թուրք-ազերպայճանական 16 միատեղ ռազմափոր նախատեսուած է”:

Թուրքիոյ, Իսրայէլի հետ ռազմավարական սերտ կապերը մատնանշելէ բացի, Հասանով խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մասին, պնդելով, թէ Ուաշինկթընի մէջ եւս հետաքրքրուած են ազերպայճանական բանակով ու համագործակցութեամբ:

“Իմ տեղակալը` ռազմաօդային ուժերու հրամանատարը, մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ, հանդիպելու ղեկավարութեան հետ: Քննարկուած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր:  Գաղտնիք չէ, որ Ամերիկային կը հետաքրքրէ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին ձեռք ձգած մեր փորձառութիւնը”,– շեշտած է ան:

Ազերպայճանական լրասփիւռներն ալ, իրենց կարգին, մէջբերած են Ամերիկեան զինուած ուժերու եւրոպական հրամանատարութեան Յունիս 26-ի թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը Ազերպայճանի Զինուած ուժերու օրուան առթիւ. «Մենք կ՚ողջունենք ազերպայճանական ուժերու ներդրումը եւրոպական անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ։ Կը գնահատենք անոնց կայուն համագործակցութիւնը Օքլահոմայի հետ»։