«Զինուորի տուն»-ին մէջ բացուած է ֆրանսահայ բարերար Մարիոն Տատիկեանի անունը կրող բացօթեայ սրճարան մը

Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ներկայութեան, Ապրիլ 8-ին, «Զինուորի տուն»-ին մէջ բացուած է բացօթեայ սրճարան մը (parc-café): Սրճարանի գործունէութենէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի հայրենիքի պաշտպաններու խնդիրներու լուծման:

Բացօթեայ սրճարանը կը կրէ լուսահոգի Մարիոն Տատիկեանի անունը: Ֆրանսահայ Մարիոն եւ Ժան Տատիկեան «Զինուորի տուն»-ի բարեկամներն ու նուիրատուներն են: Ամոլը իր ամբողջ կեանքը նուիրած է բարեսիրութեան:

Նորաբաց սրճարանին մէջ պիտի աշխատին նաեւ հաշմանդամ զինուորներ։