Նահատակուած զինուորներու հարազատները Նիկոլ Փաշինեանը Եռաբլուրի մէջ դիմաւորած են «թուրք», «դաւաճան», «հայասպան» վանկարկումներով

Նահատակուած զինուորներու հարազատները Նիկոլ Փաշինեանը Եռաբլուրի մէջ դիմաւորած են «թուրք», «դաւաճան», «հայասպան» վանկարկումներով

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Բանակի օրուան առիթով նախարարներու եւ իշխանութեան խմբակցութեան երեսփոխաններու ուղեկցութեամբ, Յունուար 28-ի առաւօտեան այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Նահատակուած զինուորներու ծնողները Նիկոլ Փաշինեանը դիմաւորած են զինք «թուրք», «հայասպան», «դաւաճան» անուանելով:

NEWS.am-ի թղթակիցը Եռաբլուրէն կը հաղորդէ, որ բանակի օրուան նուիրուած արարողութիւնը, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Եռաբլուրի մէջ բոլոր միջոցառումները, փակ է լրասփիւռներու համար:

Առտուան ժամը 6-էն ոստիկանութիւնը մեծ թիւով ուժեր, կարմիր ու սեւ բերետաւորներ կեդրոնացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի այցելութեան ընդառաջ։ Նոյնիսկ պանթէոնի ներքեւի հատուածին մէջ հանրակառքերով բազմաթիւ ոստիկաններ տեղակայուած են:

Այնտեղ եղած են նաեւ նահատակուած զինուորներու ծնողները, որոնք կանգնած են իրենց որդիներու շիրիմներուն քով՝ թոյլ չտալու, որ պաշտօնեաները մօտենան իրենց որդիներու շիրիմներուն: