Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԷՍԹՈՆԻԱ – Վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Էսթոնիոյ նախագահին հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Էսթոնիա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 28-ին հանդիպում ունեցած է նախագահ Ալար Քարիսի հետ: Վերջինս ողջունած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցը եւ համոզում յայտնած, որ ան նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու միջեւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու առաւել զարգացման: Ալար Քարիս անդրադառնալով հայ եւ էսթոնացի ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմադարեան կապերուն՝ ընդգծած է, որ անոնք հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի գործակցութեան ընդլայնման համար:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Էսթոնիոյ հետ սերտ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ: Ան ընդգծած է, թէ վերջին տարիներուն բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները կը վկայեն երկուստեք յանձնառութեան մասին՝ ամրապնդելու Հայաստան-Էսթոնիա քաղաքական երկխօսութիւնը:

Հանդիպումին քննարկուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, պետական կառավարման, տնտեսութեան եւ արդարադատութեան մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքը: Վարչապետը ընդգծած է այս ուղղութեամբ Էսթոնիոյ աջակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան հոլովոյթին: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան կը գնահատէ Էսթոնիոյ աջակցութիւնը Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն:

Ալար Քարիս ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ան հնարաւորինս շուտ կը ստորագրուի:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ գործակցութեան ընդլայնման շուրջ:

Այցելութիւն Թալինի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Նոյն օրը, վարչապետը այցելած է Թալինի (Tallinn) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր դիմաւորուած է Պալթեան երկիրներու Հայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն արք. Միրզախանեանի կողմէ: Ան մոմ վառած եւ ծաղիկներ զետեղած է եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած խաչքարին առջեւ:

Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան ներկայացնելով իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը, անդրադարձած է Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման կարելիութիւններուն:

Վարչապետը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին տարածաշրջանային գործընթացներուն, կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգին, առաջնահերթութիւններուն, Հայաստանի զարգացման միտող ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն: