Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան. «Հակառակ անոր որ սկիզբը Հայաստան դէմ էր Զանգեզուրի միջանցքին, սակայն այժմ աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, բռնագրաւուած Արցախէն վերադարձին լրագրողներուն հետ ասուլիսին յայտնած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ ոչ միայն Ազերպայճանի, այլեւ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ այլ երկիրներու՝ աւելցնելով, թէ այդ միջանցքը ոչ միայն աշխարհաքաղաքական, այլեւ աշխարհատնտեսական նշանակութիւն ունի։

Էրտողան ընդգծած է, թէ Հակառակ անոր որ սկիզբը Հայաստան դէմ էր «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, սակայն այժմ աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ յատկապէս տնտեսական համարկումին մասնակցելու հարցին մէջ։

Զանգեզուրի միջանցքին բացումը ռազմավարական քայլ մը պիտի ըլլայ միջին միջանցքին համար։ Երբ միջանցքը բացուի, Թուրքիայէն ապրանքները պիտի կարենանք Կասպից ծովէն աւելի արագ հասցնել Կեդրոնական Ասիա եւ Չինաստան, իսկ Եւրոպայէն Չինաստան գացող բեռները պիտի սկսին անցնիլ Թուրքիայէն:

Այս առումով մենք կը ձեռնարկենք անհրաժեշտ քայլերու։ Այստեղ ամէնէն կարեւոր տարրը Զանգեզուրի երթուղին է։ Այդ երթուղին կը ներառէ նաեւ երկաթուղային համակարգ։ Հետեւաբար Զանգեզուրի միջանցքը շատ կարեւոր է նաեւ բեռներու փոխադրութեան համար”,– նշած է Թուրքիոյ նախագահը։