Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան Հոկտեմբեր 20-ին պիտի այցելէ Արցախի բռնագրաւուած տարածք

Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը հաղորդած է, թէ նախագահ Էրտողան Հոկտեմբեր 20-ին «պիտի այցելէ Ազերպայճան»։

«Երեք օրէն մեր նախագահին օդանաւը երկրորդ անգամ վայրէջք պիտի կատարէ ազատագրուած Ղարաբաղ»,– Հոկտեմբեր 17-ին լրագրողներուն յայտնած է Պաղճը։

Նախապէս Էրտողան ըսած էր, որ կը ծրագրէ մասնակցիլ Զանգիլանի (Կովսականի) օդակայանի բացման արարողութեան։