Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ընկերային ցանցերէն

 

Ֆրանսուա Տեվեճեան.- «Ամօ՛թ AFP-ին»

Երջանկայիշատակ Փաթրիք Տեվեճեանի որդին՝ Ֆրանսուա Տեվեճեան Թուիթըրի իր հաշիւին կը գրէ.-

«Ամօ՛թ AFP-ին՝ թրքական պետութեան ժխտողականութեան նախանձախնդիր գործակիցին։ Հայոց ցեղասպանութիւնը “պատմութեան հայկական տարբերակ”-ը չէ, այլ՝ պատմական փաստ մըն է, հաստատուած՝ նաեւ Ֆրանսայի կողմէ»։

Բանն ինչո՞ւմն է…

Ֆրանսական ազգային լրատու գործակալութիւնը՝ AFP Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան իր հրապարակած «Էրտողան կը տեսնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու “առիթ” մը» վերնագրուած իր լուրին մէջ, ինչպէս միշտ՝ անգամ մը եւս սայթաքած է ցեղասպանութեան հարցով։

Արդարեւ, AFP-ի լուրին մէջ գրուած է, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները  եթէ աւելի քան լարուած են, այն պատճառով է, որ Երեւան Անգարայէն կը պահանջէ ճանչնալ  1915-ի ցեղասպանութիւնը։

Այլ խօսքով՝ ցեղասպանութիւն գործած, այնուհետեւ ալ՝ աւելի քան մէկ դար է անդրդուելի ժխտողականութեան մը ետին թաքնուած կողմը չէ մեղաւորը, այլ՝ այդ աղէտին զոհ դարձած կողմը, որ ըստ AFP-ի «կը պահանջէ նշեալ ցեղասպանութեան ճանաչումը»։ 

Ծանօթ է, որ AFP տարիներէ ի վեր Անգարայի թեզը պաշտպանելով՝ միշտ չակերտներու մէջ դրած է ցեղասպանութիւն բառը, 2020-ի Արցախեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան եւ վերջերս Հայաստանի ինքնիշխան հողերուն դէմ ազերպայճանական յարձակումներն ալ ներկայացուցած է որպէս «բախումներ», միշտ խուսափելով նախայարձակը իր անունով՝ նախայարձակ կոչելէ, իսկ Արցախի Հայերը անդադար որակած է «անջատողականներ», ինչ որ Ֆրանսայի մէջ բացասական կը հնչէ։

Որպէս եզրակացութիւն. ըստ AFP-ի ուրեմն՝ Թուրքիա-Հայաստան վատթար յարաբերութիւններուն պատասխանատուն հայկական կողմն է, որ կ՚ուզէ պարտադրել «պատմութեան իր տարբերակը»։  

Այս այն թեզն է, որու պատճառաւ ամերիկացի պատմաբան Պերնար Լէուիս փարիզեան դատարանին կողմէ 1995-ին դատապարտուած էր, ատենին այնքան մեծ աղմուկ բարձրացուցած դատավարութենէ մը ետք։ Հայկական կողմին փաստաբանն էր Փաթրիք Տեվեճեան, որու հետեւեալ հակազդեցութիւնը դատավարութեան ընթացքին՝ տպաւորած է յիշողութիւնները.– «Երեւակայեցէք, եթէ ըսէինք՝ Շօան պատմութեան հրէական տարբերակն է»։

* * *

Նախիջեւանի մէջ Իրանի կցումի պահանջով շարժո՞ւմ

«301 Հայկական» խումբը, որ որոշ ժամանակէ ի վեր ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստանի, Արցախի, հայկական սփիւռքին, մէկ խօսքով՝ հայութեան առնչուող կամ հայութիւնը հետաքրքրող լուրերու, հրապարակումներու պեղումով կը զբաղի, հետաքրքրական նոր լուր մը կը բաժնէ իր հետեւորդներուն հետ։ 

Տարբեր բնագաւառներու յատուկ բաժիններու տէր «301»-ը, «301 Military» իր հաշիւով Թուիթըրի իր էջին կը գրէ.-

«Իրանցի լրագրող Խայալ Մուազինի համաձայն՝ ժողովրդական ազգային-հայրենական նոր շարժում մը ստեղծուած է Նախիջեւանի մէջ։ 

Անոնց (շարժումի մասնակիցներուն – «ՆՅ») նպատակն է անջատուիլ Ազերպայճանէն եւ վերստին կցուիլ Իրանի, զոր իրենց հայրենիքը կը համարեն»։