Հայաստանի Առողջապահութեան նախկին նախարար, վարչապետի աշխատակազմի նախկին ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Արսէն Թորոսեան Factor TV-ի հետ զրոյցին նշած է, որ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ ստեղծուած սթաթուս քուօ-ն վտանգներով յղի է եւ հարց տուած. “Անվերջ սպանուելու վտանգի տա՞կ ենք ուզում մնալ, թէ՞ կնճիռը պէտք է լուծել”։
Իսկ կնճիռի լուծման համար ան կը տեսնէ անհրաժեշտութիւն՝ 30 տարի պատերազմներով եւ ռազմական բախումներով ապրած հայ եւ ազերպայճանցի ժողովուրդներու «վէրքերը ապաքինել՝ թշնամանքը խորացնելու փոխարէն»։
“Ադրբեջանը խոցուել է 94-ի պատերազմում՝ 25․000 զոհ տալով եւ 600․000 փախստական ունենալով. թէ միայն մե՞նք ենք զոհը. վէրքերը երկկողմանի պիտի լաւացնենք։ Ծուղակ է մեզ՝ Ադրբեջանցիների հետ յարատեւ թշնամութիւն դրդելը․ թշնամանքը չպիտի սնենք”,–ըսած է Թորոսեան։
Կառավարող ուժի՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի վարչութեան անդամ Արսէն Թորոսեանի համոզումով՝ անցնող տարիներուն պետութիւնը ձախողած է՝ չկարողանալով հասնիլ Արցախի անկախութեան եւ ըստ իրեն՝ այդ գաղափարը ինքնախաբէութիւն եղած է․ “Արցախի անկախութեան ճանաչման հաւանականութիւն չկայ եւ չի եղել”։ “Նիկոլ Փաշինեանն ու նրա գործընկերներն աշխատում են, որ ական կամ յետաձգուած պայթիւն չդառնայ Արցախի հարցի լուծումը”,– եզրակացուցած է ան։