Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թեհրանի ռմբակոծութենէն վնասուած է «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութեան շէնքը

Յունիս 15-ի իրիկունը, Իսրայէլի ռմբակոծութեան հետեւանքով պայթում մը տեղի ունեցած է մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութեան մօտ։ Պայթումը փշրած է յարակից շինութիւններու՝ ներառեալ «Ալիք»-ի խմբագրութեան ապակիները։

«Ալիք»-ի խմբագիրը՝ Արամ Շահնազարեան կը հաղորդէ, թէ մինչեւ խմբագրութեան շէնքին վերականգնումը թերթին տպագիր տարբերակը լոյս պիտի չտեսնէ, բայց պիտի շարունակուի առցանց հրատարակութիւնը։