Պաքուի մէջ ԱՓԱ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ Բերձորի եւ Զանգեզուրի վերաբերեալ կարգ մը կասկածելի յայտարարութիւններ ըրած է։
“Նախ, ըստ իս Լաչինի ճամբով փոխադրումներու առումով թափանցիկութեան ապահովման գաղափարը ամբողջովին արդարացի է։ Հետեւաբար մենք չենք ուզեր, որ Լաչինի ճամբով փոխադրուին լարումը սրացնող բեռներ եւ օգտագործուին ռազմական կամ անօրինական նպատակներով։
Ըստ իս՝ այդ թափանցիկութեան հասնելու ուղիներն ու միջոցները քննարկումներու եւ բանակցութիւններու առարկայ պէտք է դառնան։ Կ՚ենթադրեմ, որ այդ ընելու քանի մը եղանակ կայ, որոնցմէ մէկ քանին նախապէս քննարկուած են: Օրինակ՝ անցակէտին ունենալ լրացուցիչ սարքաւորումներ, որպէսզի Ռուսերը կարենան աւելի լաւ վերահսկել այդ տարածքի փոխադրումները: Կարեւոր է այս հարցը մանրամասն քննարկել: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ կարծիք կայ, որ անոնք (Բերձորն ու Զանգեզուրը – խմբ.) երկու առանձին հարցեր են։ Անոնցմէ մէկը Լաչինի միջանցքն է, որ արտացոլուած է 2020 Նոյեմբերին ընդունուած յայտարարութեան կէտերէն մէկուն մէջ, միաժամանակ, կայ նաեւ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի հարցը, որ նոյնպէս արտացոլուած է 2020-ի յայտարարութեան մէկ այլ կէտով։ Այնպէս որ, յայտարարութեան մէջ նշեալ հարցերը յիշատակուած են տարբեր կէտերով, եւ մօտեցումը տարբեր է։ Բայց, ի վերջոյ, այս հարցը բանակցութիւններու եւ քննարկումներու առարկայ պէտք է ըլլայ։ Ի հարկէ, մեր կարծիքն այն է, որ թափանցիկութեան պահանջը իսկապէս օրինական է, եւ միեւնոյն ատեն, մարդոց, Ղարաբաղի Հայերուն համար կարեւոր է, որ ունենան անվտանգ տեղաշարժի կարելիութեան զգացում”,– ըսած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը։