Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Ամէն տեղ քաջարի հայեր կան

Վերջին օրերուն, ընկերային ցանցերու վրայ կիսուած նկարներէ կը տեղեկանանք, թէ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ դեռ «արեան ծարաւ»-ներ, գովազդի համար նախատեսուած ու պարապ մնացած վահանակի մը վրայ արձանագրած են. «Մէկ Թալէաթը կ՚երթայ, հազար Թալէաթներ կու գան»։ 

Սակայն, նոյն վահանակի մէկ այլ լուսանկարէն, որ առնուած է աւելի ուշ, կը պարզուի, թէ այդպիսի վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ իսկ քաջարի հայեր չեն պակսիր։ 

Արդարեւ, խիզախ հայ մը նշեալ արձանագրութեան մէջ «Թալէաթ»-ներուն վրայ գրած է «Թեհլիրեան», ինչ որ անոր տուած է հետեւեալ վերջնական տեսքը.

«Մէկ Թեհլիրեան կ՚երթայ, հազար Թեհլիրեաններ կու գան»։  

Սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր Վահրամ Մավեանի՝ 1977-ին Երուսաղէմ հրատարակուած «Ամէն տեղ հայ կայ» հատորի տիտղոսը ընդհանրանալով դարձած է ծանօթ ասացուածք. զայն քիչ մը բարեփոխելով, անվարան կրնանք ըսել՝ «Ամէն տեղ քաջարի հայ կայ»։