Քննարկուած է Փութին-Զելենսքի հանդիպման կարելիութիւնը
Ռուսաստանի և Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով և Տմիթրo Քուլեպա, Մարտ 10-ին Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցած են։ Բանակցութիւնները տեւած են մէկուկէս ժամ։
Ուքրաինական ճգնաժամի վերաբերեալ քննարկումին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։
Հանդիպումէն ետք Քուլեպա յայտարարած է, թէ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն չէ կայացած, եւ թէ՝ Լաւրովի հետ բանակցութիւնները «բարդ էին»։
Ըստ BBC-ի ռուսական ծառայութեան, ուքրաինացի նախարարը ըսած է, թէ քննարկած են մարդասիրական միջանցքի բացման հարցը, սակայն «Լաւրով որեւէ խոստում չէ կատարած՝ Մարիոփուլի բնակչութիւնը տարհանելու համար»։ Միաժամանակ, Քուլեպա նշած է, թէ պատրաստ է կրկին հանդիպելու Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին հետ։
Իր կարգին, Լաւրով հանդիպման աւարտէն յետոյ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ռուսաստան մտադիր է Պելառուսի մէջ լուրջ բանակցութիւններ վարել Ուքրաինայի հետ՝ ճգնաժամի համապարփակ կարգաւորման համածիրին մէջ։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկած են երկու երկիրներու նախագահներ՝ Փութինի եւ Զելենսքիի տեսակցութեան կարելիութիւնը։ Լաւրով աւելցուցած է, թէ այս ուղղութեամբ պէտք է նախապատրաստական աշխատանքներ տարուին։