Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին դէմ բողոք ներկայացուած է դատախազութեան։
«Թրքական կրթական արհմիութեան» (Türk Eğitim-Sen) Էտիրնէի մասնաճիւղը «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP) փոխնախագահ եւ Տիգրանակերտէն ընտրուած Կարօ Փայլանին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան առնչութեամբ Էտիրնէի հանրապետական դատախազութեան բողոք ներկայացուցած է։
Նշեալ մասնաճիւղի ղեկավար Մուսթաֆա Քափլան յայտարարած է, որ Կարօ Փայլանին դէմ բողոքը ներկայացուցած են «կեղծ եւ զրպարտական» յայտարարութիւններուն համար: