«Հիւրրիէթ» թերթը յղում ընելով Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմին՝ արտաքին քաղաքականութեան նուիրուած փակ քննարկումներուն, հաղորդած է, թէ Անգարա կը ծրագրէ տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ հաստատել Հայաստանի հետ և ընդլայնել առևտրային կապերը։ «Իբրեւ առաջին քայլ որոշուած է բանալ Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութիւնը, Պոլիս-Երեւան գիծով։ Հետագային օրակարգ պիտի բերուի դէպի այլ շրջաններ թռիչքներու հարցը, մասնաւորապէս Վանի ուղղութիւնը, որ Հայերու համար կրնայ զբօսաշրջային կեդրոն դառնալ։ Միևնոյն ժամանակ կը նախատեսուի վերականգնել որոշ պատմական կառոյցներ, ինչպէս՝ Կարսի մօտ գտնուող կամուրջը և շէնքերը, որոնք Հայութեան համար մեծ նշանակութիւն ունին։ Հայկական սփիւռքի ճնշումն ալ նուազեցնելու համար միաժամանակ կ՚ընդլայնուին առևտրային կապերը»,– գրած է թերթը։