Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Մալաթիոյ մէջ հայ վարպետներու կառուցած տուները երկրաշարժէն գրեթէ չեն վնասուած

Akunq.net-ի համաձայն՝ Մալաթիայէն Ֆըրաթ Սարոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերէն շրջանի հին հայկական թաղամասի տուները գրեթէ չեն վնասուած։ 

Ան աւելցուցած է, որ Մալաթիոյ մէջ 150-200 տարի առաջ հայ վարպետներու կողմէ կառուցուած աղիւսէ տուները կանգուն մնացած են, մինչ՝ նորակառոյց շինութիւններու մեծ մասը փլած է։