Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Մեւլիւթ Չաւուշօղլու եւ Հուլուսի Աքար այլեւս նախարար չեն

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նոր նախարարը՝ Հաքան Ֆիտան նախագահ Էրտողանի հետ

 

Յունիս 3-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրապարակած է կառավարութեան նոր կազմը։

Գրեթէ 9 տարի պաշտօնավարելէ ետք, իր պաշտօնին հրաժեշտ տուած է Արտաքին գործոց նախարար Մևլիւթ Չաւուշօղլու. զայն կը փոխարինէ Ազգային հետախուզական ծառայութեան` MİT-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան։ Իսկ MİT-ը կը ղեկավարէ 2014-էն ի վեր Էրտողանի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալըն։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարող Հուլուսի Աքարը կը փոխարինէ Թուրքիոյ Սպայակոյտի պետ Եաշար Կիւլէր։ Իսկ Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած Սիւլեյման Սոյլուն կը փոխարինէ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Երլիքայա։

«Գորշ գայլեր»-ու առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի ալ առժաաբար կը վարէ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը։