Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Պոլսահայ համայնքը դատ բացած է «Հայու վիժուածք» ըսած իմամին դէմ

Պոլսահայ համայնքէն փաստաբան Սիմոն Չեքեմ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան դիմած է Պոլսոյ մզկիթներէն մէկուն իմամին՝ քարոզի ժամանակ «Հայու վիժուածք» արտայայտութիւնը օգտագործելուն վերաբերեալ:

Լուրը կը հաղորդէ Ermenihaber։

Պոլսահայ փաստաբանը դատախազութենէն պահանջած է, որ իմամը պատժուի ժողովուրդին մէջ ատելութեան ու թշնամանքի հրահրումի, խտրականութեան, նուաստացումի, վիրաւորանքի եւ սպառնալիքի յանցանքներով:  

Սիմոն Չեքեմ իր դիմումին մէջ ըսած է. «Կասկածեալին արտայայտած այս խօսքերը հայ ազգութեան մասին, որուն անդամն եմ ես, հասարակութիւնը կը դրդէ ատելութեան, խտրականութեան ու թշնամանքի։ Բացայայտ խտրականութիւն պարունակող բառերը ատելութեան խօսքի վրայ հիմնուած յանցագործութիւն են»: Չեքեմ նշած է, որ կատարուածը կը համապատասխանէ Թուրքիոյ Պատժական օրէնսգրքի 216/2 կէտին եւ կը պատժուի վեց ամսէն մէկ տարի բանտարկութեամբ: